Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան «Էլ Ալ» Ընկերութեան Մէկ Օդանաւը 10 Տարիէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Էջք Կատարած Է Թուրքիոյ Մէջ

Փետրուար 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը շաբաթ օր հաղորդեց. «Թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուեցաւ իրադարձութիւն մը, որ տասը տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինն է»:

Օրաթերթը նշեց, որ իսրայէլեան ճամբորդատար օդանաւ մը շաբաթ երեկոյեան թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն վատթարացումէն տասնամեակ մը ետք առաջին անգամ ըլլալով էջք կատարած է Թուրքիոյ մէջ:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» անցեալ հինգշաբթի օր հաղորդած էր, թէ թուրք պաշտօնատարները զայրացած են երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման համար Իսրայէլի ճշդած նախապայմաններէն:

Իսրայէլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման համար պայման ճշդած էր թրքական հողերուն վրայ պաղեստինեան Համաս շարժումի աշխատանքի դադրեցումն ու գրասենեակներու փակումը:

Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Իսրայէլը ամբաստանած են յարաբերութիւններու վերականգնման եւ նոր էջ բանալու պայմաններ ճշդելով խաղ խաղալու եւ դանդաղելու մէջ` մեկնելով այն պնդումէն, թէ թրքական կողմը Պոլսոյ մէջ կը հիւրընկալէ Համասի ահաբեկչական բջիջներ, որոնք Իսրայէլի դէմ համացանցային յարձակումներ կը գործեն:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» աւելցուց, որ Թուրքիան առարկած է իսրայէլեան այդ պահանջներուն եւ նշած, որ իր հողերէն այդպիսի գործունէութիւն չի կատարուիր, այդ ամբաստանութիւնները անհիմն են, եւ Թուրքիոյ մէջ Համասի որեւէ բջիջ չկայ:

Իսրայէլեան օրաթերթը` մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատար մը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ուզէ Իսրայէլի դեսպանը Անգարա վերադարձնել, «սակայն Թել Աւիւի ուզածը Համաս շարժումի գործունէութեան դադրեցումն է»:

Թուրքիա նաեւ կ՛ուզէ վերականգնել Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով, որ ամերիկեան նոր վարչակազմին կողմէ ճնշումներու կ՛ենթարկուի Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար:

Յիշեցնենք, որ «Մոնիթըր» դեկտեմբերին հրապարակած էր տեղեկութիւն մը, թէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման համար գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:

Ըստ «Մոնիթըր»-ի, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Հաքան Ֆիտան իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ գաղտնի բանակցութիւններ վարած է` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման թրքական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ Անգարան Իսրայէլի մէջ նոր դեսպան մը նշանակած է:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Սուրիոյ Քիւրտերուն» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

«Յանձնառու Ենք Շրջանային Լարուածութեան Մեղմացման Համար Ամերիկեան Վարչակազմին Հետ Աշխատելուն» Կ՛ըսէ Էմիրաթական Դիւանագիտութեան Պետը

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?