Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ «բաւական գոհ» է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Արեւմուտքի նկատմամբ դիրքորոշումը մեղմացնելու եւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու ցանկութենէն:
«Այժմ յոյս ունիմ, որ Լիպիայէն թուրք զինուորները դուրս պիտի բերուին, եւ Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ արդիւնքներ պիտի ունենանք», նշած է Մաքրոն: