Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Իր Սէուտցի Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Եմէնի Պատերազմին Վերջ Տալու Եւ Մարդկային Իրաւանց Հարցերը

February 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի հետ եւ անոր հետ քննարկած շարք մը հարցեր, ներառեալ շրջանին մէջ անվտանգութեան, մարդու իրաւունքներու եւ Եմէնի մէջ պատերազմի հարցերը:

Նոյն օրը Ուաշինկթըն յայտարարած էր, որ մտադիր է Եմէնի դիմագրաւած մարդասիրական ճգնաժամին լոյսին տակ ջնջել եմէնեան Անսարուլլա շարժումը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու ամերիկեան նախկին վարչակազմի որոշումը:

Պլինքըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Երէկ խօսեցայ Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ: Սէուտական Արաբիան ապահովական կարեւոր գործընկեր է: Պիտի շարունակենք միասնաբար թագաւորութիւնը պաշտպանել արտաքին սպառնալիքներէն, միեւնոյն ժամանակ վերաշխուժացնել Եմէնի տագնապին վերջ տալու եւ մեր յարաբերութեան մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերը գնահատելու դիւանագիտութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս իր կարգին յայտնեց, որ Պլինքըն ճշդած է նոր վարչակազմին շարք մը առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին` մարդկային իրաւանց հարցերով հետաքրքրուիլն ու Եմէնի պատերազմին վերջ տալը: Ան աւելցուց, որ երկու նախարարները քննարկած են նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու Սէուտական Արաբիոյ դէմ յարձակումները ետ մղելու գծով գործակցութիւնը:

Ամերիկեան վարչակազմը անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ վերջ պիտի տայ Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած պատերազմին իր աջակցութեան: Ուաշինկթըն նաեւ նշած էր, որ Ռիատէն կ՛ակնկալէ մարդու իրաւունքներու իր թղթածրարը բարելաւել:

Սէուտական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ պըն Ֆարհան Պլինքընին յայտնած է, որ թագաւորութիւնը կ՛ուզէ գործակցիլ Միացեալ Նահանգներուն հետ` հասարակաց մարտահրաւէրներու  դիմակայման եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման համար:

Եմէնի խորհրդարանը ողջունեց պատերազմին վերջ տալու կոչերը` զանոնք նկատելով «ճիշդ ուղղութեամբ առնուած դրական քայլ»: Եմէնի մէջ քաղաքական բարձրագոյն խորհուրդի անդամ Մոհամետ Ալի Հուսի իր կարգին Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` խօսքերը գործերու վերածելու համար ճնշում բանեցնելու իր դաշնակիցներուն վրայ:

Նախորդը

«Յանձնառու Ենք Շրջանային Լարուածութեան Մեղմացման Համար Ամերիկեան Վարչակազմին Հետ Աշխատելուն» Կ՛ըսէ Էմիրաթական Դիւանագիտութեան Պետը

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Չեն «Էս-400»-ներու Հարցով Աշխատանքային Խումբ Ստեղծել Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.