Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի իր երկրի խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կատարելիք իր այցելութիւնը պիտի ըլլայ արտասահմանեան առաջին այցելութիւններէն մէկը: Ան կը նախատեսէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկել սահմաններու սահմանագծման ու սահմանազատման հարցը եւ Դաւիթ Գարեջի վանական համալիրի նիւթը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»¬ը:
Ղարիպաշվիլի ըսած է, որ Ազրպէյճանը Վրաստանի սերտ եւ ռազմավարական ընկերն է, եւ երկիրը կը ղեկավարէ «իմաստուն կառավարիչ պարոն Ալիեւը», որուն հետ ինք «շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի»:
«Մենք երկխօսութիւն պիտի կատարենք Ազրպէյճանի` մեր եղբայրական պետութեան հետ: Կը հաւատամ, որ պարոն Ալիեւ եւ ազրպէյճանական բարեկամական կողմը ողջմիտ որոշումներ պիտի տան, մենք պիտի կարենանք բանակցութիւններ վարել եւ հասարակաց լեզու գտնել», ըսած է ան:
Ղարիպաշվիլի նաեւ Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլին մեղադրած է դաւաճանութեան յանցանքով եւ աւելցուցած, որ Սահակաշվիլի տուած է որոշում մը, որ վնաս հասցուցած է երկրին: