Միացեալ Նահանգները Չինաստանը մրցակից կը նկատեն եւ կը պատրաստուին Փեքինի հետ յարաբերութիւններու կառուցման մօտենալ ուժի տեսանկիւնէն: «Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է` մեկնաբանելով Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Իի յայտարարութիւնը, որ վերջինս կատարած է Փեքինի մէջ Լանթին համախմբումի բացման արարողութեան ընթացքին:
Վան Ի նշած էր, որ Տանըլտ Թրամփի առաջնորդութեամբ, Միացեալ Նահանգներու նախկին վարչախումբին մեղաւորութեամբ, Փեքինի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնը փճացած է` հասնելով մինչեւ ամէնէն ցած մակարդակը: Չին նախարարին համաձայն, երկու երկիրները պէտք է իրավիճակը սրբագրելու եւ կապերը բարելաւելու համար շարք մը քայլեր կատարեն:
«Մենք համոզուած ենք, որ Չինաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները մրցակցութիւն կը ներկայացնեն: Մենք կ՛ուզենք ատոր մօտենալ ուժի տեսանկիւնէն: Ատիկա կը նշանակէ ամբողջ աշխարհի մեր դաշնակիցներուն հետ ուժերու համակարգում, ներառեալ Ասիա-խաղաղովկեանոսեան շրջանի եւրոպացի գործընկերները», ըսած է Փսաքի:



