Յունաստանի եւ Կիպրոսի` հակաթրքական դաշինքի երազները պիտի վերածուին մղձաւանջի: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք:
Չելիք քննադատած է Թուրքիոյ եւ ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան բացառումը Միջերկրական ծովու հիմնախնդիրները քննարկելու նոր միջազգային նախաձեռնութենէն:
Թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը կը պարզաբանէ, որ Բարեկամութեան համախմբումի առաջին հանդիպումին, որ 11 փետրուարին տեղի ունեցած է Աթէնքի մէջ, մասնակցած են Յունաստանը, Կիպրոսը, Եգիպտոսը, Պահրէյնը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Ֆրանսան ներկայ եղած է իբրեւ դէտ:
Յիշեցնենք, որ հակաթրքական համախմբումին մասնակցելու հրաւէր ստացած էր նաեւ Հայաստան, սակայն անծանօթ պատճառներով չէր մասնակցած:
Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի, մասնակիցներուն կարծիքով, Բարեկամութեան համախմբումը նպատակ ունի «բարելաւելու համագործակցութիւնը անվտանգութեան, առողջապահութեան, ուժանիւթի եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, որոնք կը տարածուին Արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Արաբական ծոց»:
Չելիք նշած է, որ Յունաստանը եւ Կիպրոսը օգտագործած են Թուրքիոյ դէմ երկիրները միաւորելու նախաձեռնութիւնը` հետապնդելով շրջանին մէջ իրենց սեփական շահերը:
«Մենք կ՛երաշխաւորենք, որ այդ երազները պիտի վերածուին մղձաւանջի», Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան բանբերին խօսքերը կը մէջբերէ «Անատոլու»-ն:
Յիշեցնենք, որ լարուածութիւն սկսած է Թուրքիոյ եւ Յունաստանի ու Կիպրոսի միջեւ` առնչուած Արեւելեան Միջերկրականի մէջ բնական կազի պաշարներու հասանելիութեան, ինչ որ կը թէժացնէ ծովային սահմաններու երկարատեւ վէճը:
Չելիք նշած է, որ Ֆորումը կրնայ խաթարել այս խնդիրը լուծելու Եւրոպական Միութեան ջանքերը:
«Ոչ մէկ հանդիպում, որ կը բացառէ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը, սակայն կը կեդրոնանայ յունական Կիպրոսին վրայ, կրնայ «Բարեկամութեան համախմբում» նկատուիլ», աւելցուցած է ան: