Քանատացի օրէնսդիրները որդեգրեցին ոչ պարտադիր բանաձեւ մը, որուն մէջ ընդունեցին, թէ չինական Շինկիանկ շրջանին մէջ ույղուր փոքրամասնութեան դէմ գործուողը համազօր է հաւաքական բնաջնջումի, եւ քանատական կառավարութեան կոչ ուղղեցին` հետեւելու իրենց օրինակին: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած բանաձեւը 338 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ստացաւ 266 թեր քուէ: Ոչ ոք դէմ քուէարկեց, սակայն անոնք, որոնք բանաձեւին դէմ էին, մնացին ձեռնպահ, մասնաւորաբար Ճասթին Թրիւտոյի ղեկավարութեամբ Ազատական կուսակցութեան անդամները:
Բանաձեւը կ՛ընդունի, որ «ույղուրները Չինաստանի մէջ հաւաքական բնաջնջումի ենթարկուած են եւ կը շարունակեն ենթարկուիլ»:



