Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Չինաստանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումներու Մասին` «Չինաստանի Համար Հետեւանքներ Պիտի Ըլլան, Եւ Սի Ծինփինը Ատիկա Գիտէ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Փետրուար 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Չինաստանը պէտք է հետեւանքներ սպասէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու առնչուած կացութեան լոյսին տակ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը այս մասին յայտարարած է Միլուոքիի մէջ հասարակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Հանդիպումը վարողը Սպիտակ տան ղեկավարին հարցուցած է, թէ ան Չինաստանի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արդեօք քննարկա՞ծ է Սինցզիան-Ույղուրական ինքնավար շրջանի կացութիւնը: Պայտըն այդ հարցումին դրական պատասխանած է, սակայն ընդգծած է, որ չի ծրագրեր հրապարակաւ դատապարտել Հոնկ Քոնկի, Սինցզիան-Ույղուրական ինքնավար շրջանի եւ Թայուանի կացութիւնը:

«Ես կը ծրագրեմ բացայայտ հասկցնել, որ մենք մտադիր ենք շարունակել մարդու իրաւունքները պաշտպանել ՄԱԿ-ի եւ այլ կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնք ազդեցութիւն ունին անոնց (Չինաստանի) գործելակերպին վրայ», ընդգծած է Պայտըն:

«Չինաստանի համար հետեւանքներ պիտի ըլլան, եւ (Սի Ծինփինը) ատիկա գիտէ», նշած է Սպիտակ տան ղեկավարը` պատասխանելով հանդիպումը վարողի համապատասխան հարցումին:

«Չինաստանը ջանասիրաբար կը ջանայ աշխարհի յառաջատար դառնալ: Այդ կոչումին արժանանալու, ատիկա ընել կարենալու համար անոնք պէտք է կանխաւ ապահովեն միւս երկիրներուն վստահութիւնը», շարունակած է Պայտըն` աւելցնելով. «Այնքան ատեն որ անոնք տակաւին կը մասնակցին գործունէութեան, որ կը խախտէ մարդու հիմնարար իրաւունքները, անոնց համար դժուար պիտի ըլլայ հասնիլ ատոր»:

10 փետրուարին Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի հետ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վրայ իր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է նոր «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարը, կլիմայի փոփոխութիւնը եւ աշխարհի վրայ զէնքի տարածման կանխարգիլումը: Բացի ատկէ, Պայտըն «անհանգստութիւն յայտնած է» Հոնկ Քոնկի, Սինցզիան-Ույղուրական Ինքնավար շրջանի եւ Թայուանի կացութեան առնչութեամբ: Չինաստանի ղեկավարը, Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանի տեղեկատուութեան համաձայն, յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առճակատումը աղէտ է թէ՛ իրենց, թէ՛ ալ ամբողջ աշխարհին համար:

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ինքնաշարժներով Երթը` Դէպի Մասիս Եւ Արտաշատ Քաղաքներ

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կ՛ողջունէ Բանակի Հրամանատարութեան Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?