Միջազգային

«Արեւմուտքը Ռուսիան Կը Մեղադրէ Լեռնային  Ղարաբաղը Թուրքիոյ Հետ Կիսելու Համար»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Փութինի` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Միջնորդութեան Յաջող Առաքելութենէն Ետք Արեւմուտքը Յանկարծ Տագնապեցաւ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Արեւմուտքին անհրաժեշտ է ուքրանական վարչակարգը` Ռուսիան անընդհատ ջղագրգիռ դարձնելու եւ ռուսատեաց քաղաքականութեան նոր պատճառներ որոնելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Անոնց (Արեւմուտքին) ուքրանական վարչակարգը պէտք է միայն մէկ բանի համար` անընդհատ Ռուսիան ջղագրգիռ դարձնելու եւ ռուսատեաց քաղաքականութեան նոր պատճառներ փնտռելու համար: Անոնք կ՛ուզեն ամէն ձեւով տկարացնել այն ամէնը, ինչ...

Լաւրովի Կարծիքով` Թուրքիան Մեծն Թուրանի  Ստեղծման Նպատակ Չի Հետապնդեր

Լաւրովի Կարծիքով` Թուրքիան Մեծն Թուրանի Ստեղծման Նպատակ Չի Հետապնդեր

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չի կիսեր այն կարծիքը, որ Թուրքիան նպատակ ունի ստեղծել «Մեծն Թուրան» (պետութիւն, որ պիտի երկարի Պոսֆորէն մինչեւ Ալթայ): Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզ» կայքը: «Եթէ մենք կը խօսինք «Մեծն Թուրան»-ի մասին, իբրեւ պատմական իմաստով վերազգային տարածք, չեմ կարծեր, որ Թուրքիան կը հետապնդէ այդպիսի նպատակ: Ես չեմ տեսներ, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կրնան նախկին...

Էրտողան Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Ղազախստանի  Եւ Խըրխըզիստանի Հետ 12 Միջկառավարական  Համաձայնագիր Վաւերացուցած Է

Էրտողան Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Ղազախստանի Եւ Խըրխըզիստանի Հետ 12 Միջկառավարական Համաձայնագիր Վաւերացուցած Է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վաւերացուցած է 12 միջկառավարական համաձայնագիրներ, որոնց բնագիրները երէկ հրապարակուած են Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական տեղեկագիր «Ռեսմի Կազեթէ»-ի մէջ: Ուժի մէջ մտնող համաձայնագիրներու շարքին են Ազրպէյճանի հետ ուժանիւթի եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին միջկառավարական համաձայնագիրը: Վաւերացուած է նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը: Փաստաթուղթերու ցանկին վրայ կայ նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին...

Պլինքըն Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու`  Փարիզի Կլիմայի Համաձայնութեան Վերադարձը Յայտարարեց

Պլինքըն Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու` Փարիզի Կլիմայի Համաձայնութեան Վերադարձը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց իր երկրին պաշտօնապէս Փարիզի կլիմայի համաձայնութեան վերադարձը: Յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առաջին օրը այդ առնչութեամբ հրամանի ստորագրումէն շուրջ մէկ ամիս ետք: Այսպիսով, երկրի կլիմայի ջերմացման արտանետումներու համար պատասխանատու երկրորդ երկիրը կը վերադառնայ համաձայնագիրին: Թրամփի վարչակարգը հեռացած էր այդ համաձայնագիրէն:

Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան Խորհուրդէն  Ետ Վերցուցած Են Իրանի Պատժամիջոցները  Վերականգնելու` Թրամփի Օրերուն  Ներկայացուած Առաջարկը

Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան Խորհուրդէն Ետ Վերցուցած Են Իրանի Պատժամիջոցները Վերականգնելու` Թրամփի Օրերուն Ներկայացուած Առաջարկը

Միացեալ Նահանգները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն ետ վերցուցած են Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու պահանջը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Ռիչըրտ Միլզի նամակին մէջ: Այդպիսով, Միացեալ Նահանգներ հրաժարած են Թեհրանի դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պատժամիջոցները վերականգնելու որոշումէն, որուն դէմ նախորդ ամիսներուն արտայայտուած էին Ապահովութեան խորհուրդի մնացեալ անդամները: 20 օգոստոս...

Սուրիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու  Փոխանակում Տեղի Ունեցաւ

Սուրիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակում Տեղի Ունեցաւ

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները հինգշաբթի օր ազատ արձակած են վերջին շաբաթներուն ձերբակալուած սուրիացի հովիւներէն երկուքը` «սխալմամբ սուրիական հողերու Քնէյթրա շրջան մուտք գործած» եւ սուրիական առնչակից կողմերէն ձերբակալուած իսրայէլացի աջկայ մը ազատ արձակման գործարքի ծիրին մէջ: Աղբիւրներ իսրայէլեան լրատուամիջոցին յայտնած են, որ Իսրայէլ վերադարձուցած է սուրիացի երկու քաղաքայինները, «երբ Ղաժար գիւղէն գերի բռնուած Տիապ Քահմուզ մերժած է ազատ...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են երկու երկիրներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծուած նիւթերուն շուրջ: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրը: «Մեր նախարարը բանակցութիւններ վարած է իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ: Կողմերը քննարկած են այսօր մեր նախագահին եւ Վլատիմիր...

Էրտողան. «Ղարաբաղի Պատերազմը Եւ «Քորոնա»-ի  Համաճարակը Ընդգծած Են Թրքական Աշխարհի  Միասնութեան Կարեւորութիւնը»

Էրտողան. «Ղարաբաղի Պատերազմը Եւ «Քորոնա»-ի Համաճարակը Ընդգծած Են Թրքական Աշխարհի Միասնութեան Կարեւորութիւնը»

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը անգամ մը եւս ընդգծած են թրքալեզու երկիրներու միասնութեան, համերաշխութեան եւ համախմբեան կարեւորութիւնը. պաշտպանութենէն մինչեւ առողջապահութիւն, գիւղատնտեսութենէն մինչեւ ուժանիւթ: Ըստ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, այս մասին կը նշուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ուղերձին մէջ, ուղղուած` Օդերեւութաբաններու համախմբումին մասնակիցներուն: Համախմբումին մասնակցած են Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ եւ Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով: «Թրքական աշխարհի...

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգին Հետ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  «Յաձնառու Ենք Կայունութիւնը Քայքայող  Իրանի Վարմունքին Դիմակայման»  Կ՛ըսէ Օսթին

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգին Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Յաձնառու Ենք Կայունութիւնը Քայքայող Իրանի Վարմունքին Դիմակայման» Կ՛ըսէ Օսթին

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեց Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած Արաբական դաշինքին իրենց աջակցութիւնը դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու որոշումը: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի նշեց, որ Օսթին դատապարտած է հուսիներուն Սէուտական Արաբիոյ սահմաններուն վրայ կատարած յարձակումները եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ սէուտական սահմանները պաշտպանելու յանձնառութիւնը հաստատած, ինչպէս...

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ին Կոչ Ուղղած Է  Տարակարծութիւնները Լուծելու`  Դաշինքի Ծիրին Մէջ

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ին Կոչ Ուղղած Է Տարակարծութիւնները Լուծելու` Դաշինքի Ծիրին Մէջ

ՕԹԱՆ-ի մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պասաթ Էօզթուրքը իր երկրի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան 69-ամեակին առիթով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ դաշնակիցները պէտք է տարակարծութիւնները լուծեն եւ յարգեն իրարու անվտանգութեան խնդիրները: Ան ըսած է, որ Թուրքիան արժէքաւոր եւ կարեւոր երկիր է դաշինքին համար եւ աւելցուցած. «Հակառակ անոր որ որոշ դաշնակիցներու հետ մենք տարբեր կարծիքներ ունինք, բայց ի վերջոյ ՕԹԱՆ-ը...

Էրտողան Հանդիպում Ունեցած Է  Ազրպէյճանի Վարչապետ Ասատովի Հետ

Էրտողան Հանդիպում Ունեցած Է Ազրպէյճանի Վարչապետ Ասատովի Հետ

Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հասած է Թուրքիա, այս մասին իր թուիթըրեան էջին վրայ յայտնած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ: Ասատով հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:  

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման միացեալ հսկողութեան կեդրոնի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ տագնապներու լուծումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին: «Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած քայլերը, ինչպէս...

Պեն Շապաթ Մոսկուայէն Թել Աւիւ Կը Վերադառնայ  Առանց Սուրիոյ Հետ Գերիներու  Փոխանակման Համաձայնութեան

Պեն Շապաթ Մոսկուայէն Թել Աւիւ Կը Վերադառնայ Առանց Սուրիոյ Հետ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մէյիր պեն Շապաթ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններէն վերադարձած է, եւ ըստ իսրայէլացի պաշտօնատարներու, «Սուրիոյ հետ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան գործադրութիւնը պիտի ուշանայ»: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, «ատոր պատճառներէն մէկը երկու բանտարկեալներուն գործարքին մէջ համաձայնեցուած ձեւով Սուրիա վերադառնալ մերժելն է»: Իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ գործարքի գործադրման շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ Իսրայէլի գնահատումով, հարցը...

Պայտըն-Նեթանիահու Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Պայտըն-Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ չորեքշաբթի գիշեր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: Նեթանիահու «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «շատ բարեկամական ու ջերմ էր, եւ աւելի քան մէկ ժամ տեւեց»: Իսրայէլի վարչապետը թուիթըրեան երկրորդ գրառումի մը մէջ անդրադարձաւ Պայտընի հետ իր  անձնական յարաբերութեան, «որ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի»`...

Փենթակոնի Ղեկավարը ՕԹԱՆ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներուն Հետ Քննարկած Է «Ռուսիոյ  Հակազդելու Անհրաժեշտութիւնը»

Փենթակոնի Ղեկավարը ՕԹԱՆ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներուն Հետ Քննարկած Է «Ռուսիոյ Հակազդելու Անհրաժեշտութիւնը»

Փենթակոնի ղեկավար Լոյտ Օսթին ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու տեսաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ ստեղծելիք մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար պաշտպանական ծախսերը խիստ անհրաժեշտ են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը այս մասին կը հաղորդէ` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան: «Ան թուարկած է շարք մը սպառնալիքներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնց առջեւ կանգնած է դաշինքը, ներառեալ Ռուսիոյ ապակայունացնող վարքագիծը, Չինաստանի աճող հզօրութիւնը, ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային...

Փենթակոնը Խուսափած Է Թուրք Լրագրողի`  «Քիւրտերու Կողմէ Թուրքիոյ Դէմ Ահաբեկչութիւնները»  Մեկնաբանելու Հարցումէն

Փենթակոնը Խուսափած Է Թուրք Լրագրողի` «Քիւրտերու Կողմէ Թուրքիոյ Դէմ Ահաբեկչութիւնները» Մեկնաբանելու Հարցումէն

Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի խուսափած է մեկնաբանելէ Իրաքի հիւսիսը Թուրքիոյ զինեալ ուժերու գործողութիւններուն մասին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) սուրիական թեւի` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը: «Անատոլու»-ի թղթակիցի` Անգարայի դէմ «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ահաբեկչական գործողութիւններուն» վերաբերեալ հարցումին ժամանակ Քըրպի ուշադրութիւն հրաւիրած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը նշած է, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու...

Չինաստան Կոչ Կ՛ուղղէ Չքաղաքականացնելու  «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակը Եւ Զայն Չօգտագործելու`  Չինաստանը «Սեւցնելու Եւ Խայտառակելու» Համար

Չինաստան Կոչ Կ՛ուղղէ Չքաղաքականացնելու «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակը Եւ Զայն Չօգտագործելու` Չինաստանը «Սեւցնելու Եւ Խայտառակելու» Համար

Չինաստան վճռականօրէն դէմ է «Քորոնա» ժահրի համաճարակը քաղաքականացնելու, ժահրի ծագման հարցին մէջ մեղաւորներ փնտռելու, Չինաստանը սեւցնելու եւ խայտառակելու որոշ երկիրներու փորձերուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Բրիտանիոյ մէջ Չինաստանի դեսպանատան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Մենք յոյս ունինք, որ աշխարհի երկիրները արդար, առարկայական եւ պատասխանատու դիրքորոշում պիտի որդեգրեն, շօշափելի գործողութիւններու պիտի ձեռնարկեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) աշխատանքին...

Խրիմի Մէջ Համաթրքութեան Կողմնակիցները  Կոչ Կ՛ուղղեն Սպաննելու Ռուսերը

Խրիմի Մէջ Համաթրքութեան Կողմնակիցները Կոչ Կ՛ուղղեն Սպաննելու Ռուսերը

Ռուս լրագրող, Մոսկուայի քաղաքային տումայի երեսփոխան Անտրէյ Մետվետեւ կ՛ահազանգէ, որ քանի մը օր առաջ համացանցի վրայ յայտնուած են Խրիմէն լուսանկարներ` ռուսերը սպաննելու քողարկուած` համաթրքական կոչով: Թռուցիկներուն վրայ գրուած է. «Ռամիլը կրցաւ դուն ալ կրնաս»: Ակնյայտ է, որ խօսքը Ռամիլ Շամսուտինովի մասին է, որ գնդակահարած էր իր ծառայակից ռուս զինուորը: «Փափուկ ուժը` թուրաներէնով: Գործընկերները կ՛աշխատին երիտասարդներու հետ: Խրիմի թաթարները` Քիեւի կամ...

Էրտողան Կ՛ուզէ Թրքերէնը  Համաշխարհային Լեզու Դարձնել

Էրտողան Կ՛ուզէ Թրքերէնը Համաշխարհային Լեզու Դարձնել

Թրքերէնը պէտք է միջազգային հաղորդակցութեան լեզուներէն մէկը դառնայ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` 13-դ դարու թուրք գրող Եունուս Էմրէի մահուան 700-րդ տարելիցին նուիրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ձեռնարկին բացման արարողութեան ընթացքին: «Եունուս Էմրէի մահուան 700-ամեակի առիթով մենք կը սկսինք արշաւի, որ կը կոչուի «Թրքերէնը` համաշխարհային լեզու», ըսած է Էրտողան: Անոր համաձայն, արշաւը պիտի...

Փենթակոն. «Ռուսերուն Հետ  Համակարգում Չենք Կատարեր»

«Ռուսիան Սպառնալիք Է ՕԹԱՆ-ի Բոլոր Անդամներուն Համար, Սակայն Մտադիր Ենք Համագործակցիլ Բոլոր Այն Հարցերուն Մէջ, Ուր Հասարակաց Շահ Ունինք» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի մէջ համոզուած են, որ Ռուսիան սպառնալիք է ՕԹԱՆ-ի բոլոր անդամներուն համար, սակայն իրենք նաեւ մտադիր են համագործակցիլ Մոսկուայի հետ այն հարցերուն մէջ, ուր փոխադարձ շահեր գոյութիւն ունին»: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան: «Լիարժէքօրէն ակնյայտ է, որ Ռուսիան սպառնալիք է ՕԹԱՆ-ի բոլոր անդամներուն համար, ներառեալ Միացեալ Նահանգները:...

Page 375 of 883 1 … 374 375 376 … 883

Արխիւներ