Թուրքիան կը փորձէ Վրաստանը համոզել միանալու «3+3» հարթակին: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Անգարայի մէջ թուրքմեն իր պաշտօնակից Ռաշիտ Մերետովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Յոյսով ենք, որ Վրաստան պիտի մասնակցի «3+3» հարթակին: Ատկէ բոլորը պիտի շահին», ըսած է Չաւուշօղլու:
Թուրք նախարարը նաեւ յիշեցուցած է, որ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած է կառավարութեան փոփոխութիւն, եւ յետաձգուած է Պաքուի մէջ նախատեսուած Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ հանդիպումը:
Յիշեցնենք, որ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ Թուրքիան կ՛ուզէ շրջանային համագործակցութեան սկսիլ «3+3» (Ռուսիա, Ազրպէյճան, Հայաստան, Իրան, Վրաստան, Թուրքիա) ձեւաչափով:



