Թուրքիան յայտարարած է, որ իր ծովուժը ռազմափորձեր պիտի կատարէ Եգէական եւ Միջերկրական ծովերուն մէջ: «Ահւալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ «Մաւի Վաթան 2021» կամ «Կապոյտ հայրենիք 2021» անունը ստացած ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Թուրքիոյ ծովուժին պատկանող մեծ թիւով զօրքեր եւ սպառազինութիւն, ներառեալ` 82 մարտանաւ, ծովային ստորաբաժանումներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ առափնեայ պահպանութեան ծառայութեան տարրեր:
Ըստ հաղորդումին, ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան այդ շրջանին մէջ աշխատող թրքական երկրաբանական հետախուզական նաւերուն դէմ Յունաստանի բողոքէն ետք: Անցեալ հինգշաբթի Թուրքիոյ ծովուժը յայտարարած էր. «Չեղմէ» հետազօտական նաւը Եգէական ծովուն հիւսիսը պիտի աշխատի մինչեւ 2 մարտ»:
Յունաստանն ու Թուրքիան վերջերս Պոլսոյ մէջ մասնակցած են երկու պետութիւններուն միջեւ ծովային խնդիրներու լուծման շուրջ հետախուզական բանակցութիւններու 61-րդ փուլին: Աւելի ուշ Աթէնքը յայտարարած է, որ 62-րդ փուլի մեկնարկի ժամկէտ առաջարկած է, սակայն թրքական կողմէն տակաւին պատասխան չէ ստացած: Յոյն պաշտօնատարները կ՛ըսեն, թէ այդ քննարկումները ոչ պաշտօնական բանակցութիւններ են:



