Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Մարթին Կրիֆիթին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը ծրագրէ ՄԱԿ-ի հետ գործակցութեամբ «աշխուժացնել դիւանագիտական ջանքերը»` վերջ տալու համար Եմէնի մէջ պատերազմին:
Ան Կրիֆիթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Եմէնի տագնապով, մասնաւորաբար մարդասիրական աղէտով, եւ իր երկիրը կը զօրակցի «միացեալ, կայուն եւ արտաքին ազդեցութենէ զերծ Եմէնի մը»` աւելցնելով. «Այդտեղի տագնապը զինուորական լուծում չունի»:
Պլինքըն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի բոլոր կողմերուն միջեւ համախոհութիւն ստեղծելու ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ յայտնեց, թէ պատրաստ է անոր հետ սերտօրէն գործակցելու:
Յիշեցնենք, որ ամերիկեան վարչակազմը փետրուարին Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած զինուորական արշաւին Ուաշինկթընի աջակցութեան դադրեցումը յայտարարած էր:
Եմէնի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թիմըթի Լինտրքինկ նախապէս յայտնած էր, թէ Եմէնի մէջ զինադադարի ծրագիր մը ներկայացուցած է, սակայն Սանաայի բանագնացները մերժեցին այդ ծրագիրը` նշելով, որ ատիկա միայն սէուտական շահերը կը բաւարարէ:



