Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Յայտարարելով` «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Արգիլող Պատճառ Չկայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

March 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ հաղորդակցութիւններու դիւանագիտական մակարդակի վրայ վերականգնումը յայտարարեց` նշելով, որ անոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին: «Թուրքիան եւ Եգիպտոսը 2013-ին Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումէն ետք իրենց յարաբերութիւնները խզելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով վերականգնեցին դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները», յայտարարեց ան:

Չաւուշօղլու Քաթարէն իր վերադարձին աւելցուց. «Եգիպտոսի հետ գաղտնի սպասարկութեան ու արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակներով հաղորդակցութիւններ ունինք»: Ան աւելցուց, որ յարաբերութիւններու վերականգնումը տեղի կ՛ունենայ փոքր քայլերով եւ յատուկ ռազմավարութեան մը` ճամբու քարտէսի մը հիմամբ:

Չաւուշօղլու նշեց, որ իր երկիրը «պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ քայլեր առնելու, եթէ վերջինս դրական քայլ մը առնէ, եւ նոյնը կը վերաբերի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն»:

«Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման արգելք հանդիսացող պատճառ չկայ», շեշտեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Չաւուշօղլու միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ Թուրքիան Աֆղանիստանի հարցով յատուկ ներկայացուցիչ մը պիտի նշանակէ` խաղաղութեան բանակցութիւնները արագացնելու համար, եւ ապրիլին Պոլսոյ մէջ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան շուրջ միջազգային խորհրդաժողով մը պիտի գումարուի:

Նշենք, որ Մեւլութ Չաւուշօղլու վերջերս Արաբական ծոցի շրջան իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ յայտնած էր, թէ Թուրքիան «պատրաստ է վերականգնելու ամբողջ Ծոցի շրջանին հետ գործակցութիւնը եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին հետ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատելու»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ մտադիր է Եգիպտոսի հետ հաղորդակցութիւնները ամրապնդել եւ անոնց մակարդակը բարձրացնել, եթէ դրական արդիւնքներու յանգին:

«Եգիպտական կողմին հետ գաղտնի սպասարկութիւններու, դիւանագիտական եւ այլ ոլորտի հաղորդակցութիւններ կան», ըսաւ ան` շեշտելով. «Կ՛ուզենք, որ այդ հաղորդակցութիւնները շարունակուին այդ մակարդակով, եւ եթէ դրական արդիւնքներու յանգին, զանոնք պիտի ամրապնդենք ու անոնց մակարդակը բարձրացնենք»:

«Եգիպտացի եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը եգիպտացի եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան նման պիտի չըլլայ», նշեց Էրտողան:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Եգիպտոսի կեցուածքն ու վերջին զարգացումները բոլորն ալ ի շահ երկու երկիրներուն ու շրջանի պետութիւններուն են»:

Նեթանիահու Յայտարարած Է Թուրքիոյ Հետ
Յարաբերութիւններու Կարգաւորման
Հոլովոյթի Մեկնարկի Մասին

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն 11 մարտին, խօսելով Պաթ Եամ քաղաքին մէջ նախընտրական արշաւի ծիրին մէջ, յայտարարած է Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ յարաբերութիւններու հոլովոյթի մեկնարկին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր7» լրատուականը:

«Այո՛, մենք բանակցութիւններ կը վարենք նաեւ Թուրքիոյ հետ, ասիկա կառուցողական քայլ է», լրագրողի հարցումին պատասխանած է Նեթանիահու:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շթայնց ըսած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է համագործակցելու Թուրքիոյ հետ: Անոր համաձայն, համագործակցութիւնը կը նախատեսուի ընդլայնել քարիւղի եւ կազի բնագաւառներուն մէջ:

Նեթանիահու նաեւ նշած է, որ Արեւելեան Միջերկրականի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները չափազանց կարեւոր են շրջանի բարգաւաճման եւ հանգստութեան համար:

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Ռազմափորձերը Վտանգ Չեն Ստեղծեր Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Համար» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Հայաստանի Վրայ Յարձակում Կը Նախապատրաստեն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.