Ուաշինկթըն Իրանի Նկատմամբ Միակողմանի Գործողութիւններու Պիտի Չդիմէ Եւ Բարի Կամեցողութիւն Պիտի Չդրսեւորէ
Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը որեւէ պարագայի բարի կամեցողութիւն պիտի չցուցաբերէ եւ նմանատիպ միակողմանի քայլերու պիտի չդիմէ, որպէսզի Իրանը համոզէ վերադառնալու հիւլէական գործարքին շուրջ բանակցութիւններուն` Թեհրանի հիւլէական խնդիրի լուծման համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայս: «Մենք միակողմանի որեւէ քայլի պիտի չդիմենք, որպէսզի Իրանը համոզենք բանակցութիւններու սեղան...




















