ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ձախողութեան մատնուած է հաւատադրժողական խմբաւորումներու կողմէ ականուած գօտիներով ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն թիրախը Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսն էր: Երեք ահաբեկիչներ վնասազերծուած են եւ երեք ուրիշներ ձերբակալուած:
Առնչակից աղբիւրներ սուրիական լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ատիկա կարելի եղած է շնորհիւ Դամասկոսի գիւղական շրջանի Զաքիա եւ Քանաքեր գիւղերու քաղաքացիներու գործակցութեան:



