Միացեալ Նահանգները փետրուարի կէսերէն կապի տարբեր ուղիներով կը փորձեն երկխօսութեան սկսիլ Հիւսիսային Քորէայի հետ, սակայն մինչեւ օրս պատասխան չեն ստացած: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով Սպիտակ տան աղբիւրը:
Պայտընի վարչակազմին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները «փետրուարի կէսերէն փորձած են Հիւսիսային Քորէայի հետ քանի մը ուղիներով կապ հաստատել»:
«Մինչեւ օրս մենք Փիոնկիանկէն ոչ մէկ պատասխան ստացած ենք», յայտարարած է պաշտօնատարը:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ աւելի քան մէկ տարի աշխուժ երկխօսութիւն չէ կատարուած «հակառակ զայն սկսելու Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ փորձերուն»:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ իշխանութիւնները Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ կը կատարեն քաղաքականութեան միջգերատեսչական վերատեսութիւն, որ «կը ներառէ աճող սպառնալիքի արձագանգի հասանելի բոլոր տարբերակներու գնահատում»:
Ան աւելցուցած է, որ այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ իշխանութիւնները խորհրդակցած են նաեւ նախկին պաշտօնատարներու, ներառեալ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի որոշ պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ դաշնակիցներու` Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի հետ:



