Այսօր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի նշուի Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակը:
16 մարտին կ՛ամբողջանայ 1921 թուականին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած ռուս-թրքական «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան համաձայնագիր»-ի 100-ամեակը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս առիթով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախատեսուած են քննարկումներ` Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի գլխաւորութեամբ եւ Անգարայի Պիլքենթ համալսարանի գիտական աջակցութեամբ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը պիտի արտասանէ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ: Ծրագիրին մէջ ներառուած են նաեւ ռուս-թրքական համախմբումի համանախագահ Ահմեթ Պերաթ Չոնքարի, Պիլքենթ համալսարանի ընդհանուր տնօրէն Ապտուլլահ Աթալարի եւ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Երխովի խօսքերը:
«Եղբայրութեան եւ բարեկամութեան համաձայնագիր»-ը, որ ծանօթ է Մոսկուայի համաձայնագիր անունով, կնքուած է 16 մարտ 1921-ին, Ռուսիոյ Խորհրդային դաշնակցային ընկերվարական հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավարութեան միջեւ` 26 փետրուարէն 16 մարտ 1921 կայացած ռուս-թրքական երկրորդ ժողովի աւարտին:
Այս համաձայնագիրով Ռուսիան Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը կը ճանչնար թրքական խորհրդարանի ուխտի` թրքական ճանչցած բոլոր տարածքներուն վրայ: Թուրքիան իր կարգին կը հրաժարէր Պաթումէն` փոխարէն ստանալով Սուրմալուի գաւառը: Համաձայնագիրով հաստատուած է նաեւ Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան սահմանը, այսինքն` Հայաստանի հետ սահմանը, որ կ՛անցնէր Ախուրեան ու Արաքս գետերով` թրքական կողմին ձգելով Կարսի մարզն ու Սուրմալու գաւառը: Ատիկա նոյնութեամբ պահպանուած է մինչեւ այսօր:
Համաձայնագիրի երկրորդ յօդուածով Նախիջեւանի մարզը` Շարուր-Դարալագեազի գաւառին մէկ մասով, Թուրքիան, որուն ատիկա անցած էր Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրով, կը վերայանձնէ Ազրպէյճանին` իբրեւ ինքնավար տարածք, սակայն պայմանով, որ անիկա չի կրնար տրուիլ երրորդ պետութեան, իմա `Հայաստանին:



