Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երուսաղէմի մէջ իր դեսպանատան բացումն ու աշխատանքի սկսիլը յայտարարեց` նշելով. «Քոսովոյեան կողմի առնչակից պաշտօնատարները չկրցան ներկայ գտնուիլ բացումին, որ «Քորոնա» ժահրի միջոցառումներուն պատճառով տեղի ունեցաւ առանց արարողութեան»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ դեսպանատան բացման նպատակը Քոսովոյի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումն է եւ միջազգային թատերաբեմին վրայ Քոսովոյի դիրքին ամրապնդումը:



