Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ փեսայ Ճարետ Քուշներ նախատեսեց, որ մօտ օրէն յաւելեալ երկիրներ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններ կնքեն Իսրայէլի հետ:
Ըստ անոր, բազմաթիւ երկիրներ կը գտնուին «Աբրահամի համաձայնագիր»-ին միանալու եզրին` աւելցնելով, որ այդ երկիրներու շարքին են Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Օմանը եւ Մաւրիտանիան` նշելով, որ Սէուտական Արաբիան Իսրայէլին իր հողերուն վերեւ թռիչք կատարել արտօնելով այդ ուղղութեամբ քայլ մը առած է, իսկ Մաւրիտանիան ալ իսրայէլեան խումբի մը արտօնած է Տաքարի ռելիին մասնակցիլ:



