Միջազգային

«Անկախ Այն Բանէն, Թէ Ո՛վ Ինչ Կ՛ուզէ  Կամ Չ՛ուզեր, Մենք Պիտի Կառուցենք  «Պոլիս» Ջրանցքը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Անկախ Այն Բանէն, Թէ Ո՛վ Ինչ Կ՛ուզէ Կամ Չ՛ուզեր, Մենք Պիտի Կառուցենք «Պոլիս» Ջրանցքը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան ոչ մէկ պարագայի պիտի հրաժարի «Պոլիս» ջրանցքի նախագիծի իրականացումէն, որ կոչուած է դառնալու Սեւ եւ Մարմարա ծովերը միացնող նոր նաւարկելի ուղի: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ 7 ապրիլին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ ինչ կ՛ուզէ կամ չ՛ուզեր, մենք կը սկսինք եւ մենք պիտի կառուցենք «Պոլիս» ջրանցքը, որ պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդին»,...

Փենթակոն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Յստակացնելու  Ուքրանիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Ուժերու  Տեղաշարժին Առնչուած Մտադրութիւնները

Փենթակոն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Յստակացնելու Ուքրանիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Ուժերու Տեղաշարժին Առնչուած Մտադրութիւնները

Միացեալ Նահանգներ ամբողջովին կը հասկնան Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ ուժերու տեղաշարժի առնչուած Ռուսիոյ մտադրութիւնները եւ Մոսկուային կոչ կ՛ուղղեն յստակացնելու զանոնք: Այս մասին յայտնեց Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպին: «Մտադրութիւնը ամբողջովին յստակ չէ, եւ մենք Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք յստակացնելու զայն», ըսաւ ան: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկութիւններ ունի, թէ Ռուսիան հարաւարեւելեան ուղղութեամբ, նաեւ Խրիմի մէջ կ՛ուժեղացնէ իր զինուորական ներկայութիւնը: «Մեզի...

Սէուտական Արաբիան Հերքած Է  Յորդանանի Մէջ  Ենթադրեալ Դաւադրութեան Հետ  Կապ Ունենալու Վարկածը

Սէուտական Արաբիան Հերքած Է Յորդանանի Մէջ Ենթադրեալ Դաւադրութեան Հետ Կապ Ունենալու Վարկածը

Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնատարները հերքած են Յորդանանի մէջ ենթադրեալ դաւադրութեան հետ որեւէ կապ ունենալը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Յորդանանի նախկին գահաժառանգ Համզա պըն Հուսէյն իշխանը տնային կալանքի տակ առնուած են, երբ մասնակցած էր ցեղախմբային հանդիպումներուն, որոնց ընթացքին բացայայտօրէն  քննադատուած էր անոր եղբայրը` Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը: Յիշեցնենք, որ Յորդանանի վարչապետ Այման Սաֆատին ըսած էր, որ իշխանը օտարերկրեայ ուժերու հետ երկիրը...

Թուրքիան Արցախի Պատերազմին Ընթացքին  Պաքուին Օգնելու Համար Նաեւ Մանկահասակ  Վարձկաններ Ուղարկած Է Ազրպէյճան

Թուրքիան Արցախի Պատերազմին Ընթացքին Պաքուին Օգնելու Համար Նաեւ Մանկահասակ Վարձկաններ Ուղարկած Է Ազրպէյճան

Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող սուրիական խմբաւորումները մանկահասակ մարտիկներ կը զինուորագրեն եւ կ՛ուղարկեն Լիպիա եւ Ազրպէյճան` Թուրքիոյ դաշնակից ուժերուն կողքին կռուելու համար: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Ահվալ»-ը` յղում կատարելով քրտամէտ «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան: Գործակալութիւնը տուեալներ ստացած է Ֆաժր Մաալիքի անունով սուրիացի նախկին վարձկանէ մը: Յայտնի է, որ ան 13 տարեկան եղած է, երբ անդամագրուած է Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ գտնուող Սուրիական ազատ բանակին,...

«Կը Զօրակցինք Սուրիոյ Մէջ Կայունութեան Ու  Խաղաղութեան Վերականգնման Համար  Միջազգային Ջանքերուն»  Կ՛ըսէ Ռիատ

«Կը Զօրակցինք Սուրիոյ Մէջ Կայունութեան Ու Խաղաղութեան Վերականգնման Համար Միջազգային Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Ռիատ

Սէուտական Արաբիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ կը զօրակցի միջազգային բոլոր ջանքերուն, որոնք կրնան յանգեցնել Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան վերականգնման: Սէուտական կառավարութիւնը նաեւ վերահաստատեց «Ռիատի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան եւ Սուտանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ որեւէ ջանքի, որ կը նպաստէ «Նահտա» ամբարտակի թղթածրարին վերջ տալուն եւ կը յարգէ բոլոր կողմերուն շահերը` հասնելու համար այդ առնչութեամբ գործող միջազգային օրէնքներու եւ արժեչափերու...

Եւրոպական Միութեան Բարձրաստիճան  Պաշտօնատարները` Էրտողանին.  «Յոյսով Ենք` Թուրքիան Պիտի Օգտագործէ  Կարելիութեան Այս Պատուհանը»

Եւրոպական Միութեան Բարձրաստիճան Պաշտօնատարները` Էրտողանին. «Յոյսով Ենք` Թուրքիան Պիտի Օգտագործէ Կարելիութեան Այս Պատուհանը»

Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն ըսած է, որ «յանձնաժողովը շուտով գաղթականներու ֆինանսաւորման առաջարկ պիտի կատարէ»` աւելցնելով, որ Թուրքիան պէտք է յարգէ օրէնքի գերակայութիւնն ու հաւատարիմ մնայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիոյ Մէջ Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է երկրին մէջ Չինաստանի դեսպան Լիու Շաոպինը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է ընկերային ցանցերուն վրայ դեսպանատան հրապարակումներուն նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: Կը հաղորդուի, որ խօսքը դեսպանատան թուիթըրեան էջին վրայ կատարուած գրառումներու մասին է: Օրեր առաջ Թուրքիոյ մէջ Չինաստանի դեսպանատունը «Թուիթըր»¬ի վրայ իր հրապարակումին մէջ նշած է թրքական ընդդիմադիր Լաւ կուսակցութեան...

Էրտողան Հաստատած Է Ազրպէյճանի Հետ  Պաշտպանական Արդիւնաբերութեան Ոլորտին Մէջ  Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

Էրտողան Հաստատած Է Ազրպէյճանի Հետ Պաշտպանական Արդիւնաբերութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

Թուրքիան հաստատած է Ազրպէյճանի հետ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը: Թուրքիոյ պետական «Ռեսմի Կազեթէ» կայքը կը հաղորդէ, որ որոշումը ստորագրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն միջեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 31 հոկտեմբեր 2017-ին, Պաքուի մէջ:

Թուրքիոյ Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ`  Ռուսիոյ Հետ «Նկատառելի» Գործարքի  Եւ Պաշտպանութեան Ու Տեղեկահաւաքի Ոլորտներուն Մէջ  Յարաբերութիւններու Պատճառով

Թուրքիոյ Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ` Ռուսիոյ Հետ «Նկատառելի» Գործարքի Եւ Պաշտպանութեան Ու Տեղեկահաւաքի Ոլորտներուն Մէջ Յարաբերութիւններու Պատճառով

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ճարտարարուեստներու նախագահութիւնն (ՊՃՆ) ու անոր մէջ գործող չորս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ ատոր նախագահ Իսմայիլ Տեմիրը, պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուին Ամերիկայի Հակառակորդներուն պատժամիջոցներու հռչակագիրին միջոցով դիմակայելու (Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.) օրէնքի հիմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը: Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ճարտարարուեստներու նախագահութեան (ՊՃՆ) եւ չորս աւագ պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ պիտի...

Խօսելով Այսօր Տեղի Ունենալիք  Փութին-Փաշինեան Հանդիպումին Մասին.  «Ռուսական Կողմին Համար Կարեւոր Է,  Որ Հայաստանեան Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Կատարուին Քաղաքակիրթ Ձեւով»  Կ՛ըսէ Քրիլով

Խօսելով Այսօր Տեղի Ունենալիք Փութին-Փաշինեան Հանդիպումին Մասին. «Ռուսական Կողմին Համար Կարեւոր Է, Որ Հայաստանեան Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կատարուին Քաղաքակիրթ Ձեւով» Կ՛ըսէ Քրիլով

Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի Համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի գլխաւոր գիտաշխատող, Ռուսիոյ Կովկասագէտներու գիտական հանրութեան նախագահ Ալեքսանտր Քրիլովի համաձայն, այսօր Մոսկուայի մէջ սպասուող Փութին-Փաշինեան հանդիպումի օրակարգին վրայ քննարկուող բոլոր հարցերն ալ կարեւոր են երկու երկիրներուն համար: Ան «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ կայ հեռանկար Հայաստանի հաւանական զարգացման, Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու նոր մակարդակի եւ կայ Սեւծովեան եւ Կասպից ծովու շրջաններուն...

Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն Համապարփակ  Բացատրութիւն Տուած Է  Ուքրանիոյ Կացութեան Մասին

Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն Համապարփակ Բացատրութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Կացութեան Մասին

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները բանակցութիւններ վարած են Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքի տիրող կացութեան շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: Ռիապքովի համաձայն, ռուսական կողմը համապարփակ բացատրութիւններ տուած է, թէ Տոնպասի մէջ ի՛նչ կը կատարուի: Նախապէս Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած էին Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութիւններ հաստատելու Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան շուրջ: Միացեալ Նահանգներու...

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան 8-9 Ապրիլին  Նոր Մարտավարական Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան 8-9 Ապրիլին Նոր Մարտավարական Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները միացեալ տարեկան ծրագիրի ծիրին մէջ 8 ապրիլին պիտի կատարեն մարտավարական ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին երկու երկիրներու զինուորական անձնակազմերը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Ռազմափորձերը պիտի աւարտին 9 ապրիլին: Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Ազրպէյճանի մէջ` ազրպէյճանական բանակի միացեալ զօրամիաւորներու պատասխանատուութեան գօտիի տարբեր ուղղութիւններուն մէջ գտնուող համակցուած պատերազմական հրապարակներուն մէջ: Ռազմափորձերու հիմնական նպատակը փոխադարձ գործակցութեան...

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարը Այցելեց Յորդանան

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Յորդանան

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի Ամմանի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանը, որ երկուշաբթի օր հասած էր Յորդանան: Սէուտական դիւանագիտութեան պետը Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին նամակը, որուն մէջ ան կը յայտնէ, թէ Սէուտական Արաբիան կը կանգնի Յորդանանի կողքին` ընդդէմ բոլոր մարտահրաւէրներուն, եւ կ՛աջակցի Ապտալլա Բ. թագաւորի` Յորդանանն...

«Մոսկուան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու  Յաջորդ Նախագահին Հետ Իրատեսական Երկխօսութեան,  Հակառակ Անոր Որ Լաւատեսութեան Համար Հիմքերը Քիչ Են»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Ըստ Դիւանագիտական Աղբիւրներու. Ռուսիոյ Դեսպանը Ուաշինկթըն Պիտի Վերադառնայ, Երբ Ամերիկացիները «Գոնէ Բան Մը» Ընեն Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար

Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնովի` Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ժամկէտը կախեալ է անկէ, թէ Ուաշինկթըն ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւր մը: «Տակաւին կանուխ է խօսիլ դեսպան Անթոնովի Ուաշինկթըն վերադառնալու յստակ ժամկէտին մասին: Մեծ մասամբ, այստեղ ամէն ինչ կախեալ է ամերիկեան կողմէն, որ պէտք է գոնէ բան մը ընէ յարաբերութիւններու...

Էրտողան Երաշխաւորած Է, Որ Թուրքիան  Մոնթրոյի Ուխտէն Դուրս Պիտի Չգայ,  Մինչեւ Աւելի Լաւ Տարբերակ Գտնելը

Էրտողան Երաշխաւորած Է, Որ Թուրքիան Մոնթրոյի Ուխտէն Դուրս Պիտի Չգայ, Մինչեւ Աւելի Լաւ Տարբերակ Գտնելը

Թուրքիան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ նեղուցներու կարգավիճակին մասին Մոնթրոյի ուխտին եւ կը գիտակցի ատոր օգուտներուն: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Անգարայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը մէջ: «Մենք կը նկատենք, որ առաւելութիւնները, որոնք Մոնթրոն կու տայ մեր երկրին, կարեւոր են, եւ մենք հաւատարիմ պիտի մնանք այս...

Յեղաշրջումի Փորձով Ամբաստանուելէ  Եւ Տնային Կալանքի Տակ Առնուելէ Ետք.  Համզա Իշխանը Կը Յայտնէ,  Որ Հրամանները Պիտի Չյարգէ

Յեղաշրջումի Փորձով Ամբաստանուելէ Եւ Տնային Կալանքի Տակ Առնուելէ Ետք. Համզա Իշխանը Կը Յայտնէ, Որ Հրամանները Պիտի Չյարգէ

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յորդանանի Համզա պըն Հուսէյն իշխանը ձայնագրուած խօսքի մը մէջ կը յայտնէ. «Հրամանները պիտի չյարգեմ»: Իշխանին մայրը` Նուր Հուսէյն թագուհին մէկ օր առաջ նշած էր. «Կ՛աղօթեմ, որ արդարութիւնն ու իրաւունքը տիրեն` պահպանելու համար այս լկտի կեղծ ամբաստանութեան բոլոր անմեղ զոհերը»: Համզա իշխանը մէկ օր առաջ ձայնագրուած խօսքի մը մէջ յայտարարած էր, որ տնային կալանքի տակ է,...

Իրանի Արեւմտեան Ազրպէյճան Նահանգին Մէջ  Ձերբակալուած Է Իսրայէլի  Հաշուոյն Գործող Լրտես Մը

Իրանի Արեւմտեան Ազրպէյճան Նահանգին Մէջ Ձերբակալուած Է Իսրայէլի Հաշուոյն Գործող Լրտես Մը

Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանեան իշխանութիւնները Իրանի արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ ձերբակալած են իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան հաշուոյն գործող լրտես մը:

Թուրքիոյ Մէջ Էրտողանի` Պոլսոյ Ջրանցքի  Ծրագիրը Քննադատելնուն Համար Ձերբակալուած Են 10 Նախկին Ծովակալներ

Թուրքիոյ Մէջ Էրտողանի` Պոլսոյ Ջրանցքի Ծրագիրը Քննադատելնուն Համար Ձերբակալուած Են 10 Նախկին Ծովակալներ

Թրքական արդարադատութիւնը երէկ հրամայեց ձերբակալել տասը հանգստեան կոչուած ծովակալներ` հարիւր երեք նախկին սպաներու կողմէ ստորագրուած բաց նամակի մը ճամբով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աջակցութիւնը վայելող Պոլսոյ ջրանցքի ծրագիրը քննադատելնուն համար: Անգարայի մէջ ընդհանուր դատախազի գրասենեակը յայտնեց, որ նախկին ծովակալները կալանքի տակ առնուած են, իսկ չորս այլ սպաներ իրենց մեծ տարիքին պատճառով չեն ձերբակալուած, սակայն, անոնցմէ պահանջուած է յառաջիկայ երեք...

«Պայտընի Վարչակազմը Իրողապէս Այսրյորդանանը Եւ Կոլանի Բարձունքները Իսրայէլի Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածք Կը Նկատէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

«Պայտընի Վարչակազմը Իրողապէս Այսրյորդանանը Եւ Կոլանի Բարձունքները Իսրայէլի Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածք Կը Նկատէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը իրողապէս Այսրյորդանանը Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածք կը նկատէ` նշելով. «Ասիկա պատմական ճշմարտութիւն մըն է, որ Իսրայէլ 1967-ի պատերազմէն ետք գրաւեց Այսրյորդանանը, Կազան եւ Կոլանի բարձունքները»:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքին Արդիւնքը «Զերոյական» Կոչելով`  «Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Միաւորէ Թրքական Աշխարհը»  Կը Յայտարարէ Ալիեւ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքին Արդիւնքը «Զերոյական» Կոչելով` «Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Միաւորէ Թրքական Աշխարհը» Կը Յայտարարէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարծիքով` Արցախի մէջ պատերազմի աւարտէն ետք նոր կարելիութիւններու շարքին կարեւորագոյնը փոխադրամիջոցն է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Պատերազմը աւարտած է եւ դարձած է պատմութիւն: Նոր կարելիրութիւններ ի յայտ եկած են: Անոնց շարքին, կը կարծեմ, կարեւորագոյնը փոխադրամիջոցային կարելիութիւններն են», ըսած է Ալիեւ` Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խոհուրդի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ: Ան տեղեկացուցած...

Page 362 of 883 1 … 361 362 363 … 883

Արխիւներ