Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Այսօր Տեղի Ունենալիք Փութին-Փաշինեան Հանդիպումին Մասին. «Ռուսական Կողմին Համար Կարեւոր Է, Որ Հայաստանեան Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կատարուին Քաղաքակիրթ Ձեւով» Կ՛ըսէ Քրիլով

Ապրիլ 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի Համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի գլխաւոր գիտաշխատող, Ռուսիոյ Կովկասագէտներու գիտական հանրութեան նախագահ Ալեքսանտր Քրիլովի համաձայն, այսօր Մոսկուայի մէջ սպասուող Փութին-Փաշինեան հանդիպումի օրակարգին վրայ քննարկուող բոլոր հարցերն ալ կարեւոր են երկու երկիրներուն համար:

Ան «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ կայ հեռանկար Հայաստանի հաւանական զարգացման, Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու նոր մակարդակի եւ կայ Սեւծովեան եւ Կասպից ծովու շրջաններուն մէջ նոր աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վտանգ:

«Շրջանին մէջ կացութիւնը բաւական լարուած է, եւ կարեւոր է 9 նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրին իրագործումը: Կարեւոր է հասկնալ, թէ այդ համաձայնագիրը ի՛նչ պիտի տայ կողմերուն, եւ ինչպէ՛ս կրնայ գործնականին մէջ կիրարկուիլ: Այս առումով կարեւոր է իմանալ, թէ այդ եռակողմ համաձայնագիրի գործադրումը ի՛նչ փուլի մէջ է հիմա, յատկապէս երբ հաշուի կ՛առնենք, որ ատոր վերաբերեալ հայաստանեան հասարակութեան կարծիքը շատ հակասական է: Մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ ճամբաներու որեւէ ապաշրջափակում անձնատուութիւն է, եւ ատիկա անընդունելի է: Ի հարկէ, այստեղ է, որ պէտք է հասկնալ, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ատոր ինչպէ՛ս կը նայի, եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է հասնիլ կացութեան հանգուցալուծման, թէկուզ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան ճամբով: Մինչեւ հիմա Հայաստանը չէ յաջողած Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները լաւացնել, այստեղ ալ Ռուսիան հանդէս կու գայ միջնորդի դերին մէջ», ըսած է ան:

Նախորդը

Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն Համապարփակ Բացատրութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Կացութեան Մասին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ` Ռուսիոյ Հետ «Նկատառելի» Գործարքի Եւ Պաշտպանութեան Ու Տեղեկահաւաքի Ոլորտներուն Մէջ Յարաբերութիւններու Պատճառով

RelatedPosts

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»
Միջազգային

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Անելի Չէ Մատնուած»

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?