Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Արցախի Պատերազմին Ընթացքին Պաքուին Օգնելու Համար Նաեւ Մանկահասակ Վարձկաններ Ուղարկած Է Ազրպէյճան

Ապրիլ 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող սուրիական խմբաւորումները մանկահասակ մարտիկներ կը զինուորագրեն եւ կ՛ուղարկեն Լիպիա եւ Ազրպէյճան` Թուրքիոյ դաշնակից ուժերուն կողքին կռուելու համար: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Ահվալ»-ը` յղում կատարելով քրտամէտ «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան:

Գործակալութիւնը տուեալներ ստացած է Ֆաժր Մաալիքի անունով սուրիացի նախկին վարձկանէ մը: Յայտնի է, որ ան 13 տարեկան եղած է, երբ անդամագրուած է Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ գտնուող Սուրիական ազատ բանակին, որ այժմ կը կոչուի Սուրիական ազգային բանակ:

«Որովհետեւ Թուրքիան սկսած էր Սուրիական ազատ բանակին մէջ աւելի շատ տղամարդիկ հաւաքագրել Աֆրինի գործողութեան համար, ան նաեւ սկսած էր աւելի շատ երեխաներ զինուորագրել, եւ ատիկա կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Այժմ Սուրիական ազգային բանակի խմբաւորումներուն մէջ այնքան շատ երեխայ կայ», ըսած է Մաալիքի:

Գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Սուրիացիներ յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան իրաւապաշտպան կազմակերպութեան մարտ 2020 թուականին հրապարակած զեկուցումին մէջ կայ պնդում, թէ Թուրքիան զինուորագրած է մանկահասակ զինուորներ` զանոնք Լիպիա ուղարկելու համար:

«Պէտք է յստակ ըլլայ, որ երբ Թուրքիան Սուրիական ազգային բանակի խմբաւորումներ ուղարկեց Ազրպէյճան (ազրպէյճանական ուժերուն աջակցելու` Լեռնային Ղարաբաղի վրայ սեպտեմբեր 2020-ին կատարուած յարձակումին), անոնց մէջ նոյնպէս երեխաներ կային: Սուրիական ազգային բանակի անդամները պարզապէս վարձկաններ են Թուրքիոյ համար: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեզ ուղարկած է Լիպիա, Ազրպէյճան: Երիտասարդ սերունդը, անոնք, որոնք պատերազմի սկսելու ժամանակ տակաւին երեխաներ էին, անգրագէտ են, անկիրթ եւ միամիտ: Կը կարծեմ` անոնք պիտի մնան Թուրքիոյ ստրուկը», ըսած է Մաալիքի:

Նախորդը

«Կը Զօրակցինք Սուրիոյ Մէջ Կայունութեան Ու Խաղաղութեան Վերականգնման Համար Միջազգային Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Ռիատ

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիան Հերքած Է Յորդանանի Մէջ Ենթադրեալ Դաւադրութեան Հետ Կապ Ունենալու Վարկածը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?