Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղաշրջումի Փորձով Ամբաստանուելէ Եւ Տնային Կալանքի Տակ Առնուելէ Ետք. Համզա Իշխանը Կը Յայտնէ, Որ Հրամանները Պիտի Չյարգէ

Ապրիլ 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յորդանանի Համզա պըն Հուսէյն իշխանը ձայնագրուած խօսքի մը մէջ կը յայտնէ. «Հրամանները պիտի չյարգեմ»:

Իշխանին մայրը` Նուր Հուսէյն թագուհին մէկ օր առաջ նշած էր. «Կ՛աղօթեմ, որ արդարութիւնն ու իրաւունքը տիրեն` պահպանելու համար այս լկտի կեղծ ամբաստանութեան բոլոր անմեղ զոհերը»:

Համզա իշխանը մէկ օր առաջ ձայնագրուած խօսքի մը մէջ յայտարարած էր, որ տնային կալանքի տակ է, եւ իր անձնական պահակները ձերբակալուած են` զարմանք յայտնելով, որ «երկրին մէջ քաղաքականութիւններու պարզ քննադատութիւնս զիս տնային կալանքի ենթարկուելու կը յանգեցնէ»: Ան նշեց, որ յորդանանեան բանակի հրամանատարը իրմէ պահանջած է տունէն դուրս չգալ եւ ոեւէ մէկուն հետ հաղորդակցութեան մէջ չմտնել:

Յորդանանի վարչապետ Այման Սաֆատի կիրակի օր յայտնած էր. «Նախնական հետաքննութիւնը ի յայտ բերաւ ձերբակալեալներուն շարժումներն ու գործունէութիւնը, որոնք ուղղակի կերպով կը վնասեն հայրենիքի եւ քաղաքացիի անվտանգութեան, եւ հետաքննութիւն կը կատարուի Յորդանանն ու անոր կայունութիւնը հարուածելու եւ սադրանք հրահրելու գործունէութեան շուրջ»:

Ան ուղղակի կերպով ամբաստանց Համզա իշխանը հայրենիքի ապահովութիւնը վտանգելու մէջ` նշելով. «Համզա իշխանը կապի մէջ է Աուատալլա անունով բանտարկեալի մը հետ, եւ Համզա իշխանին շուրջ կան անձեր, որոնք արտաքին ծրագիրի մը գործադրման համար կապեր ունին արտաքին կողմերու հետ»:

Ան աւելցուց, որ Համզա իշխանի կնկան հետ հաղորդակցութիւն ունեցող անձերու եւ արտաքին կողմերու միջեւ կապեր նշմարուած են: Վարչապետը ըսաւ, որ հարցը դուրս եկած է մտադրութեան ու ծրագրումի փուլէն եւ մուտք գործած ծրագիրի գործադրման ժամկէտի մասին խօսելու փուլ` աւելցնելով, որ ձերբակալուած են 14-16 անձեր, սակայն զինեալ ուժերու շարքերէն ձերբակալեալներ չկան:

Նախքան այդ, Համզա իշխանը յայտարարած էր, թէ ինք երկրին մէջ որեւէ յեղաշրջման գործողութեան պատասխանատու չէ:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան «Այ.24նիուզ» կայքին յայտնած է, որ Յորդանանի մէջ ներկայիս ընթացող հետաքննութիւնը բացայայտած է, թէ շաբաթ երեկոյեան իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի նախկին սպայի մը եւ Համզա պըն Հուսէյն իշխանին կնկան միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է: Սպան կնոջ յայտնած է, որ պատրաստ է իր տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցները դնել անոր տրամադրութեան տակ եւ անոր առաջարկած օդանաւ մը տրամադրել` զինք Յորդանանէն դուրս բերելով իր փափաքած որեւէ օտար երկիր փոխադրելու համար:

Իսրայէլեան «Քան» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլ որոշած է պաշտօնապէս չանդրադառնալ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ Յորդանանի թագաւորութեան աջակցութեան հաղորդագրութիւն չհրապարակել:

 

Նախորդը

Իրանի Արեւմտեան Ազրպէյճան Նահանգին Մէջ Ձերբակալուած Է Իսրայէլի Հաշուոյն Գործող Լրտես Մը

Յաջորդը

Քութինիօ Դարձեալ Վիրաբուժութեան Պիտի Ենթարկուի

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?