Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Էրտողանի` Պոլսոյ Ջրանցքի Ծրագիրը Քննադատելնուն Համար Ձերբակալուած Են 10 Նախկին Ծովակալներ

Ապրիլ 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական արդարադատութիւնը երէկ հրամայեց ձերբակալել տասը հանգստեան կոչուած ծովակալներ` հարիւր երեք նախկին սպաներու կողմէ ստորագրուած բաց նամակի մը ճամբով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աջակցութիւնը վայելող Պոլսոյ ջրանցքի ծրագիրը քննադատելնուն համար:

Անգարայի մէջ ընդհանուր դատախազի գրասենեակը յայտնեց, որ նախկին ծովակալները կալանքի տակ առնուած են, իսկ չորս այլ սպաներ իրենց մեծ տարիքին պատճառով չեն ձերբակալուած, սակայն, անոնցմէ պահանջուած է յառաջիկայ երեք օրուան ընթացքին ներկայանալ Անգարայի ոստիկանատուն:

Թուրքիոյ դատախազութիւնը կիրակի օր հրամայած էր հետաքննութիւն կատարել բաց նամակին շուրջ, որուն մէջ նախկին ծովակալները «յեղաշրջումներու լեզուական ոճին նման եղող ոճով» սուր քննադատութեան ենթարկած էին Թուրքիոյ մէջ ներքին հարցեր:

Ծովակալները իրենց նամակին մէջ զգուշացուցած էին չտալ որեւէ որոշում, որ կրնայ խաթարել Մոնթրոյի միջազգային ուխտը, որով կը կարգաւորուի Պոսփորի նեղուցին մէջ նաւերու երթեւեկը, ինչպէս նաեւ ելումուտը Սեւ ծով, եւ որ, ըստ ծովակալներուն, Թուրքիոյ արտօնեց չէզոքութիւն պահպանել Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին եւ, ընդհանուր առմամբ, կ՛ապահովէ Սեւ ծովուն մէջ խաղաղութիւնը:

«Ահվալ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ մտավախութիւն յառաջացած է, որ Էրտողան կրնայ դուրս գալ Մոնթրոյի ուխտէն: Ատոր համար պատճառ դարձած էր խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի յայտարարութիւնը. «Նախագահը իրաւունք ունի ատիկա ընել, եթէ ուզէ»: Ան հետագային մեկնաբանած էր իր յայտարարութիւնը` ըսելով, որ խօսքը նման մտադրութեան մասին չէ եղած:

Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներ քննադատած են ծովակալներու նամակը: Էրտողանի ներկայացուցիչ Ֆահրեթին Ալթուն քննադատած է նամակին հեղինակները` վերջիններս անուանելով «օտարերկրեայ իշխանութիւններու կամակատարներ»: Շենթոփ, իր կարգին, նամակը որակած է իբրեւ զինուորական յեղաշրջման ակնարկ:

Քաղաքագիտութեան դասախօս Կէօքհան Պաչըք կարծիք յայտնած է, որ բառերու այս պատերազմը կրնայ 2016 թուականի յեղաշրջման փորձէն ետք ձեւաւորուած իսլամականներու, ծայրայեղ ազգայնականներու եւ քեմալականներու դաշինքին մէջ ներքին պառակտման ազդանշան ըլլալ:

«Ահվալ» կը նշէ, թէ նախկին ծովակալները նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեղադրած են բանակի իսլամացման յանցանքով:

Էրտողան, անդրադառնալով ծովակալներու նամակին, երէկ յայտնեց. «Գիշերուան կիսուն այդ արարքը անընդունելի է երկրի մը մէջ, ուր զինուորական յեղաշրջումներ եղած են: Ոչ մէկ պաշտօնաթող զինուորական կրնայ միջամտել քաղաքական նիւթերուն: Ատիկա կապ չունի խօսքի ազատութեան հետ: Եթէ անոնք նոյնիսկ ծովակալներ ըլլան, անոնք իրաւունք չունին զրպարտելու մեր քաջարի բանակը»:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Իրանի Արեւմտեան Ազրպէյճան Նահանգին Մէջ Ձերբակալուած Է Իսրայէլի Հաշուոյն Գործող Լրտես Մը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?