Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն Համապարփակ Բացատրութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Կացութեան Մասին

Ապրիլ 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները բանակցութիւններ վարած են Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքի տիրող կացութեան շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

Ռիապքովի համաձայն, ռուսական կողմը համապարփակ բացատրութիւններ տուած է, թէ Տոնպասի մէջ ի՛նչ կը կատարուի:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած էին Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութիւններ հաստատելու Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան շուրջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են «Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ ռուսական նախայարձակումի սրումով», ներառեալ Ուքրանիոյ եւ Խրիմի հետ սահմանին ռուսական զօրքերու տեղաշարժի մասին շրջանառութեան մէջ դրուած հաղորդագրութիւններու առնչութեամբ:

Քիեւ 2 ապրիլին Մոսկուան մեղադրած էր Տոնպասի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը ուժեղացնելու յանցանքով: Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կարծէ, որ Ռուսիան կանոնաւոր բանակային ստորաբաժանումներ կեդրոնացուցած է սահմանին վրայ եւ ուժեղացուցած ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու ուժերու ռազմափորձերը:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Մոսկուա Ուաշինկթընը զգուշացուցած է արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ Քիեւի սադրիչ վարմունքին հետեւանքներէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր հնդիկ պաշտօնակից Սուպրամանիամ Ջայշանքարի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Քիեւ կը խախտէ Մինսքի բոլոր համաձայնութիւնները, սակայն Արեւմուտքը կը շարունակէ անոր աջակցիլ»:

Ան նշեց, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, թէ Մինսքի համաձայնագիրները անհրաժեշտ են միայն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները պահպանելու համար: Միեւնոյն ժամանակ, Քիեւ կոչ կ՛ուղղէ վերատեսութեան ենթարկելու համաձայնութիւններու պայմանները: «Այս ամէնը ցաւալի է», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ուշադրութեան հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ արեւմտեան գործընկերները կ՛անտեսեն Ուքրանիոյ կողմէ համաձայնութիւններու խախտումները եւ կ՛աջակցին անոր «բացարձակապէս անընդունելի գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ «Ուքրանիոյ Տոնպաս շրջանին մէջ ռուս քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ու ճակատագիրը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար առաջնահերթութիւն է»` նշելով. «Մոսկուան չի տեսներ քայլեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ ուքրանական կողմը մտադիր է ուժի կիրարկումի ընտրանքէն հեռանալ եւ Տոնպասի մէջ շփման գիծին վրայ գտնուող իր զինեալ ուժերը վերահսկողութեան տակ առնել»:

«Անյարմար է խօսիլ քայլերու մասին, որոնք Ռուսիան կրնայ առնել ըստ կացութեան զարգացման», շեշտեց Փեսքով` նշելով. «Կացութիւնը շատ լարուած է եւ որեւէ յայտարարութիւն, որ կարելի է ատկէ ետք օգտագործել սխալ պատկերի ստեղծման համար, կրնայ միայն նպաստել այդ լարուածութեան աճին, եւ ես չեմ ուզեր այդ ընել»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան 8-9 Ապրիլին Նոր Մարտավարական Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Յաջորդը

Խօսելով Այսօր Տեղի Ունենալիք Փութին-Փաշինեան Հանդիպումին Մասին. «Ռուսական Կողմին Համար Կարեւոր Է, Որ Հայաստանեան Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կատարուին Քաղաքակիրթ Ձեւով» Կ՛ըսէ Քրիլով

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?