Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնովի` Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ժամկէտը կախեալ է անկէ, թէ Ուաշինկթըն ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւր մը:
«Տակաւին կանուխ է խօսիլ դեսպան Անթոնովի Ուաշինկթըն վերադառնալու յստակ ժամկէտին մասին: Մեծ մասամբ, այստեղ ամէն ինչ կախեալ է ամերիկեան կողմէն, որ պէտք է գոնէ բան մը ընէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», յայտնած է աղբիւրը:
Բացի ատկէ, գործակալութեան զրուցակիցը նշած է, որ խորհրդակցութիւնները, որոնց համար Անթոնով հրաւիրուած էր Մոսկուա, այժմ «կը շարունակուին եւ բուռն ընթացքի մէջ են»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 16 մարտին Անթոնովը կանչած էր Մոսկուա` խորհրդակցութիւններու համար: Ատիկա կատարուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ աղմկայարոյց հարցազրոյցի հրապարակումէն քանի մը ժամ ետք: Ան յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «մարդասպան» կը նկատէ:
Մեկնաբանելով ռուս դեսպանը տուն կանչելու քայլը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգները մեղադրած է վերջին տարիներուն ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները փակուղի մտցնելու յանցանքով: