Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան Հերքած Է Յորդանանի Մէջ Ենթադրեալ Դաւադրութեան Հետ Կապ Ունենալու Վարկածը

April 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնատարները հերքած են Յորդանանի մէջ ենթադրեալ դաւադրութեան հետ որեւէ կապ ունենալը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Յորդանանի նախկին գահաժառանգ Համզա պըն Հուսէյն իշխանը տնային կալանքի տակ առնուած են, երբ մասնակցած էր ցեղախմբային հանդիպումներուն, որոնց ընթացքին բացայայտօրէն  քննադատուած էր անոր եղբայրը` Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը:

Յիշեցնենք, որ Յորդանանի վարչապետ Այման Սաֆատին ըսած էր, որ իշխանը օտարերկրեայ ուժերու հետ երկիրը ապակայունացնելու ուղղուած «չարամիտ դաւադրութեան» մաս կը կազմէ:

«Պի.Պի.Սի.»-ի հաղորդումով, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը պատուիրակութեամբ մը մեկնած էր Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման` «Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ին եւ կառավարութեան լիակատար համերաշխութիւն յայտնելու»: Ըստ անոր, ասիկա Սէուտական Արաբիոյ միակ եւ միասնական կարծիքն է եւ որեւէ պնդում, թէ Սէուտական Արաբիան ներգրաւուած է իր դրացիի ներքին կացութեան ապակայունացման փորձերուն` «անհեթեթութիւն» է:

Յորդանանցի պաշտօնատարները կիրակի օր յայտնած էին, որ որոշ ժամանակէ ի վեր կը հետեւին Համզա իշխանի գործողութիւններուն: Անոնք յայտնած էին, որ դաւադրութիւն կը կազմակերպուի Հաշեմեան ընտանիքին դէմ` նշելով, որ ատիկա երկու աղբիւր ունի` Համզա իշխանն ու պաշտօնատարներ, որոնք կապեր ունին մէկ այլ պետութեան հետ:

Յորդանանի ելեւմուտքի նախարար Պասեմ Իպրահիմ Աուատալլա, որ միջադէպին պատճառով ձերբակալուածներու շարքին է, արտաքին ուժեղ կապեր ունի, ներառեալ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փաստացի կառավարիչ, գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետի հետ:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ Սէուտական Արաբիան եւ Յորդանանը պատմականօրէն իրարու կապուած են եւ անհասկնալի է` Յորդանանը ապակայունացնելու փորձերուն Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութիւնը:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը երէկ երեկոյեան յայտնեց. «Վերջին օրերու մարտահրաւէրը մեր հայրենիքի կայունութեան համար ամէնէն դժուարը կամ ամէնէն վտանգաւորը չէր, սակայն ամէնէն շատ ցաւ պատճառողն էր: Սադրանքի ուժերը մեր տան մէջէն եւ դուրսէն էին, եւ ոչինչ համազօր է այն ցնցումին, ցաւին ու զայրոյթին, որ զգացի: Համզա իշխանն ու անոր ընտանիքը իրենց պալատին մէջ են իմ հոգատարութեանս տակ»:

 

Նախորդը

Թուրքիան Արցախի Պատերազմին Ընթացքին Պաքուին Օգնելու Համար Նաեւ Մանկահասակ Վարձկաններ Ուղարկած Է Ազրպէյճան

Յաջորդը

Փենթակոն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Յստակացնելու Ուքրանիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Ուժերու Տեղաշարժին Առնչուած Մտադրութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.