Միջազգային

Եգիպտոս Կը Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ  Բոլոր Բանակցութիւնները

Եգիպտոս Կը Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Բանակցութիւնները

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները յայտնած են, որ Եգիպտոս ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւնները: Գահիրէն դադրեցուցած է Անգարայի հետ կապերը, որովհետեւ Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներուն վերաբերեալ պահանջները անյապաղ չեն կատարուած` նշելով, որ Թուրքիոյ` Լիպիայէն դանդաղ դուրս գալը մեծ վրդովմունք պատճառած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին, եւ ան դադրեցուցած է երկկողմանի հանդիպումները: Ըստ «Արապիա»-ին, Անգարան յաւելեալ...

Խօսելով Մոնթրոյի Ուխտին Մասին`  «Այս Փաստաթուղթը Վերատեսութեան Ենթարկելու  Որեւէ Փորձ Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Շահերուն»  Կ՛ըսէ Զախարովա

Խօսելով Մոնթրոյի Ուխտին Մասին` «Այս Փաստաթուղթը Վերատեսութեան Ենթարկելու Որեւէ Փորձ Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Շահերուն» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսական կողմը Պոսֆորի եւ Տարտանելի կարգավիճակին մասին Մոնթրոյի ուխտը կը նկատէ Սեւ ծովու կայունութեան եւ անվտանգութեան հիմնական գործօն, յատկապէս` ծովային նաւարկութեան հարցին մէջ: Եւ այս փաստաթուղթը վերատեսութեան ենթարկելու որեւէ փորձ պիտի ազդէ Ռուսիոյ շահերուն վրայ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Մենք Մոնթրոյի ուխտին հիման վրայ հաստատուած միջազգային իրաւական դրութեան այլընտրանք...

«Սննդամթերքը Աշխարհի Վրայ Մրցանշային  Սղաճ Արձանագրած Է»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ

«Սննդամթերքը Աշխարհի Վրայ Մրցանշային Սղաճ Արձանագրած Է» Կ՛ըսէ ՄԱԿ

Համաշխարհային պարենային ապրանքներու գիները աճած են մրցանշային ցուցանիշով: 2014 յուլիսէն ի վեր սննդամթերքի գիները հասած են առաւելագոյնի: Այս մասին կը նշուի ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան զեկուցումին մէջ: Գիները 10 ամիս անընդմէջ կը բարձրանան: Մարտին Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ցուցանիշը հասած է 118,5 կէտի` փետրուարին համեմատ աճելով 2,1 առ հարիւրով: Ամէնէն շատ սղած է բուսական իւղը: Մարտին ատոր գիներուն ցուցանիշը...

Պատասխանելով 8 Ապրիլին Հայ Գերիներու  Վերադարձի Մասին Լուրերուն Վերաբերեալ Հարցումին`  «Հայ Պաշտօնատար Անձեր Մոլորութեան Մէջ Ձգած Են  Բնակչութիւնը. Ատիկա Կեղծիք Էր Ու Սադրանք, Իրենց Հարցուցէք»  Կ՛ըսէ Զօր. Մուրատով

Պատասխանելով 8 Ապրիլին Հայ Գերիներու Վերադարձի Մասին Լուրերուն Վերաբերեալ Հարցումին` «Հայ Պաշտօնատար Անձեր Մոլորութեան Մէջ Ձգած Են Բնակչութիւնը. Ատիկա Կեղծիք Էր Ու Սադրանք, Իրենց Հարցուցէք» Կ՛ըսէ Զօր. Մուրատով

«Կեղծիք ու սադրանք, իրենց հարցուցէք». այսպէս պատասխանած է Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօր.  Ռուսթամ Մուրատովը «Հրապարակ» օրաթերթի այն հարցումին, թէ Հայաստանի պաշտօնատար անձեր ինչո՞ւ յայտարարեցին, թէ հայ գերիները կը վերադառնան Հայաստան: «Անոնք մոլորութեան մէջ ձգեցին բնակչութիւնը: Ատիկա սովորական աշխատանքային այցելութիւն էր», ըսած է Մուրատով` չմեկնաբանելով յաջորդ հարցումը, թէ արդեօք ան Փաշինեանի հետ հանդիպումի՞ կ՛երթայ: Նշենք, որ մէկ օր...

Զախարովա Հերքած Է Հոկլընտի Այն Պնդումը,  Թէ Ռուսիան Չէր Պատրաստուեր Գործադրել Արցախի  Վերաբերեալ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնը

Զախարովա Հերքած Է Հոկլընտի Այն Պնդումը, Թէ Ռուսիան Չէր Պատրաստուեր Գործադրել Արցախի Վերաբերեալ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, պատասխանելով «Թերթ»-ի «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտը յայտարարած է, որ իբրեւ թէ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը իրեն ըսած է, որ նոյնիսկ եթէ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը համաձայնին Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերաբերող գաղափարներուն, ռուսական կողմը պիտի չդիմէ անոնց իրականացման. որքանո՞վ այս յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան» հարցումին ըսած է. «Բացարձակապէս...

Քրեմլին. «Փութին Եւ Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին  Քննարկեցին Ուքրանիոյ Տագնապը»

Քրեմլին. «Փութին Եւ Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին Քննարկեցին Ուքրանիոյ Տագնապը»

Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ տագնապը: Փութին Էրտողանի հետ նաեւ խօսած է Սեւ ծովու նեղուցներուն վերաբերող Մոնթրոյի համաձայնագիրի շրջանային կայունութեան պահպանման մէջ ունեցած կարեւորութեան մասին:

«Քրեմլին Մտավախութիւն Ունի, Որ Ուքրանիոյ Մէջ  Քաղաքացիական Պատերազմը Պիտի Վերսկսի»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Քրեմլին Մտավախութիւն Ունի, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմը Պիտի Վերսկսի» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի վերսկսումը եւ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները սպառնալիք պիտի ըլլան Ռուսիոյ անվտանգութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Քրեմլինը մտավախութիւն ունի, որ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը պիտի վերսկսի: Եւ եթէ մեր սահմաններուն մօտ քաղաքացիական պատերազմ եւ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ըլլան, ատիկա սպառնալիք պիտի ըլլայ Ռուսիոյ անվտանգութեան համար», ըսած...

«Ազրպէյճան Դրական Տրամադրուած Է Շրջանին Մէջ  Համագործակցութեան Նոր Ձեւաչափի Նկատմամբ,  Սակայն Ատոր Դիմաց Կը Տեսնենք Հայաստանի  Ապակառուցողական Քայլերը»  Կ՛ըսէ Պայրամով

«Ազրպէյճան Դրական Տրամադրուած Է Շրջանին Մէջ Համագործակցութեան Նոր Ձեւաչափի Նկատմամբ, Սակայն Ատոր Դիմաց Կը Տեսնենք Հայաստանի Ապակառուցողական Քայլերը» Կ՛ըսէ Պայրամով

Եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումը նպաստած է շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ զարգացման նոր ձեւաչափի ի յայտ գալուն: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Եուսեֆ պըն Ահմետ Ուսայմինի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Նախարարին համաձայն, Ազրպէյճան անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ մարդոց վերադարձը...

Իրան Ազատ Կը Ձգէ 3 Ամիսէ Ի Վեր Իր Մօտ  Պահուող Հարաւային Քորէական Նաւը

Իրան Ազատ Կը Ձգէ 3 Ամիսէ Ի Վեր Իր Մօտ Պահուող Հարաւային Քորէական Նաւը

Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իրանեան իշխանութիւնները ազատ ձգած են հարաւային քորէական քարիւղատար նաւը, որ յունուարին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ գրաւուած էր` կենսոլորտային պայմաններու չհամապատասխանելուն եւ նաւարկման կանոններ խախտել շարունակելուն համար: Նախարարութիւնը նշեց, որ իրանեան իշխանութիւնները ազատ արձակած են «Քանքոք Չիմի» քարիւղատարին նաւապետն ու տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ եղող 20 նաւաստիները: Քարիւղատար նաւու գրաւումէն առաջ Թեհրան Սէուլէն պահանջած էր...

Էլիզապեթ Բ. Թագուհիի Ամուսինը`  Ֆիլիփ Իշխանը Մահացաւ

Էլիզապեթ Բ. Թագուհիի Ամուսինը` Ֆիլիփ Իշխանը Մահացաւ

Մահացած է Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի ամուսին Ֆիլիփ իշխանը: Այս մասին Բրիտանիոյ թագաւորական ընտանիքը յայտնեց իր թուիթըրեան էջին վրայ: «Խոր ցաւով նորին մեծութիւն թագուհին տեղեկացած է իր սիրելի ամուսինին` Էտինպուրկի դուքսի մահուան մասին: Նորին թագաւորական մեծութիւնը կեանքէն խաղաղօրէն հեռացած է այսօր առաւօտեան` Ուինտսորի ամրոցին մէջ», նշուած է գրառման մէջ: Ֆիլիփ իշխանը 99 տարեկան էր: Ան ծնած էր 10 յունիս 1921-ին,...

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը  Այսօր Իսրայէլէն Կը Սկսի  Իր Արտասահմանեան Շրջապտոյտը

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Այսօր Իսրայէլէն Կը Սկսի Իր Արտասահմանեան Շրջապտոյտը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին այսօր կը հասնի Իսրայէլ, ապա պիտի մեկնի Գերմանիա եւ Բրիտանիա, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ ՕԹԱՆ-ի Պրիւքսելի կեդրոնատեղի: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Օսթին նշեալ երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ պիտի հանդիպի, որպէսզի քննարկէ պաշտպանական ոլորտին մէջ միջազգային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը եւրատլանտեան համագործակցութեան խորացման», նշուած է Փենթակոնի հրապարակած հաղորդագրութեան...

Կիպրոսի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Դատապարտած Է Թուրքերու Կողմէ Կիպրոսի  Հայկական Եկեղեցւոյ Պղծումը

Կիպրոսի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Դատապարտած Է Թուրքերու Կողմէ Կիպրոսի Հայկական Եկեղեցւոյ Պղծումը

Նիկոսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Կարպըր դատապարտած է Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Քիրենիայի մէջ գտնուող հայկական պատմական Մակարավանք եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած թրքական ձեռնարկը: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը խստօրէն կը դատապարտէ Ս. Մակար հայկական վանքի սխալ շահագործումը: Կրօնի ազատութիւնը հիմնարար արժէք է: Մենք կը կրկնենք, որ կրօնական բոլոր աղօթատեղիները`...

Իտալիոյ Վարչապետը Էրտողանը Բռնապետ Կոչած Է.  Չաւուշօղլու` «Յայտարարութիւնը  Տգեղ Ու Ամբոխավարական Է»

Իտալիոյ Վարչապետը Էրտողանը Բռնապետ Կոչած Է. Չաւուշօղլու` «Յայտարարութիւնը Տգեղ Ու Ամբոխավարական Է»

Անգարայի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասսիմօ Կայանին կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան փոխանցմով այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Կը հաղորդուի, որ պատճառը Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակիի կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին ուղղուած քննադատութիւնն է` Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենին Էրտողանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հանդիպումի ընթացքին անոնց...

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Դամասկոսը  Հարուածած Երկակի Ահաբեկչական Յարձակումը

Ուաշինկթըն. «Պատրաստ Ենք Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Ջնջելու»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Հիւլէական բանակցութիւնները դժուար պիտի ըլլան, բազմաթիւ պատճառներով, որոնց կարգին` Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վստահութեան չգոյութեան պատճառով»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է վերցնելու Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, ներառեալ հիւլէական համաձայնութեան հակասողները: Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ Ուաշինկթըն պատժամիջոցները վերցնելու հարցին նկատմամբ լրջութիւն եւ հաւաստիութիւն ցուցաբերէ, ապա Իրանի որդեգրած փոխհատուցումնային...

«Մենք Պիտի Պատասխանենք  Միացեալ Նահանգներու  Կողմէ Որեւէ Ոչ Բարեկամական Քայլի»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Մենք Պիտի Պատասխանենք Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Որեւէ Ոչ Բարեկամական Քայլի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ղազախստանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մուխթար Թլէուպերտիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի պատասխանէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մոսկուային ուղղուած ոչ բարեկամական որեւէ քայլի: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը քննարկէ ռուս դիւանագէտներ երկրէն արտաքսելու եւ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ...

«Եթէ Հայաստան Դրական Արձագանգէ, Հարաւային  Կովկասը Հետագային Կրնայ Դառնալ  Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Շրջան»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Եթէ Հայաստան Դրական Արձագանգէ, Հարաւային Կովկասը Հետագային Կրնայ Դառնալ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Շրջան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համետ Նասիր Մոհամետ Սուպահի հետ հանդիպումի ընթացքին խօսած է Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Ղարաբաղի մէջ զինադադարը լաւ կարելիութիւն է: Շրջանին մէջ բարեկեցութիւն ապահովելուն զուգահեռ` մենք կարելիութիւն ունինք իրականացնելու կարեւոր նախագիծեր եւ կարգաւորելու յարաբերութիւնները: Եթէ Հայաստանը...

«Թուրքիան Ղարաբաղի Պատերազմին  Օգնած Է Ազրպէյճանին»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Ղարաբաղի Պատերազմին Օգնած Է Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ ամրապնդումը եւ Անգարայի աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւնը կը մտահոգեն շարք մը երկիրներ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Անգարայի մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Թրքական պետութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ անցեալ ժամանակաշրջանին արտասահմանի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն թիւը 163-էն բարձրացած է 251-ի: «Թուրքիան իր ներդրումը կ՛ունենայ տարբեր...

ՕԹԱՆ-ի Զինուորական Յանձնախումբի  Ղեկավարը Կ՛այցելէ Ուքրանիա

ՕԹԱՆ-ի Զինուորական Յանձնախումբի Ղեկավարը Կ՛այցելէ Ուքրանիա

Դեկտեմբեր 2020-էն ի վեր Տոնպասի մէջ կացութիւնը սկսած է սրիլ, մինչեւ օրս զոհուած է աւելի քան 20 ուքրանացի զինուոր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի ըսած է Քիեւ այցելող ՕԹԱՆ-ի զինուորական յանձնախումբի նախագահ Սթիւուըրթ Փիչի հետ հանդիպումի ժամանակ: «Դժբախտաբար, մենք այժմ բարդութիւններ կը տեսնենք Ուքրանիոյ արեւելքը` Տոնպասի մէջ: Իրօք, մենք կը տեսնենք կրակոցներու թիւի...

Պայտըն Պիտի Վերականգնէ Պաղեստինցի  Գաղթականներու` Թրամփի Օրերուն  Դադրեցուած Ֆինանսաւորումը

Պայտըն Պիտի Վերականգնէ Պաղեստինցի Գաղթականներու` Թրամփի Օրերուն Դադրեցուած Ֆինանսաւորումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յայտարարած է, թէ մտադիր է վերսկսիլ պաղեստինցի գաղթականներուն աջակցող ՄԱԿ-ի գործակալութեան ֆինանսաւորումը, որ դադրեցուած էր 2018 թուականին` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ժազիրա»-ն: «Պայտընի վարչակազմը պիտի վերականգնէ ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի մէջ Պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան տրուող աւելի քան 150 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւնը», նշած է Միացեալ...

Թրքական Դրամատան Գործադիր Տնօրէնը  Մանրամասնութիւններ Հաղորդած Է Արցախի`  Ազրպէյճանի Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածքներու  Վերակառուցման Ծրագիրին Մասին

Թրքական Դրամատան Գործադիր Տնօրէնը Մանրամասնութիւններ Հաղորդած Է Արցախի` Ազրպէյճանի Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերակառուցման Ծրագիրին Մասին

Թրքական շինարարական ընկերութիւնները կարեւոր մասնակցութիւն պիտի ունենան Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թրքական լրատու գործակալութեան այս մասին յայտնած է ՓԱՇԱ դրամատան գործադիր տնօրէն Սենք Էյնեհանը` նշելով, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ Թուրքիոյ շինարարական փորձառութիւնը ներդրել Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ: Էյնեհան ըսած է, որ Ազրպէյճան արդէն 1,3 միլիառ տոլար...

Page 361 of 883 1 … 360 361 362 … 883

Արխիւներ