Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Յստակացնելու Ուքրանիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Ուժերու Տեղաշարժին Առնչուած Մտադրութիւնները

Ապրիլ 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ ամբողջովին կը հասկնան Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ ուժերու տեղաշարժի առնչուած Ռուսիոյ մտադրութիւնները եւ Մոսկուային կոչ կ՛ուղղեն յստակացնելու զանոնք: Այս մասին յայտնեց Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպին: «Մտադրութիւնը ամբողջովին յստակ չէ, եւ մենք Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք յստակացնելու զայն», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկութիւններ ունի, թէ Ռուսիան հարաւարեւելեան ուղղութեամբ, նաեւ Խրիմի մէջ կ՛ուժեղացնէ իր զինուորական ներկայութիւնը:

«Մեզի համար այս պահուս դժուար է խօսիլ անոնց մտադրութիւններուն մասին: Ատիկա մտահոգիչ է, եւ մենք կը շարունակենք հետեւիլ զարգացումներուն», աւելցուց ան:

Փենթակոնի ներկայացուցիչը չպատասխանեց այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը կարծէ՞, թէ ռուսական զօրքերը արդէն կը գտնուին Ուքրանիոյ արեւելքը: «Ես կը փորձեմ խուսափիլ այնտեղ որոշակի գործողութիւններու, յատկապէս այլ երկիրներու զինուորներու գործողութիւններուն մասին խօսակցութիւններէն», աւելցուց ան:

Տոնպասի մէջ կացութիւնը սրեցաւ փետրուարի վերջաւորութեան: Շրջանին մէջ գրեթէ ամէն օր փոխադարձ կրակոցներ կ՛արձանագրուին: Կողմերը կացութեան սրման համար զիրար կը մեղադրեն:

Նշենք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Տոնպասի մէջ տագնապի սրումին լոյսին տակ` Միացեալ Նահանգներ Եւրոպայի մէջ գտնուող իրենց ռազմակայաններուն մէջ դրութիւնը «Հաւանական ճգնաժամ»-ի մակարդակէն բարձրացուցած է «Կարողական անխուսափելի ճգնաժամ»-ի:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը յայտնէ, որ Փենթակոն որոշած է ատիկա ընել Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ զինուորական գործողութիւններու սրման, ինչպէս նաեւ «շրջանին մէջ Մոսկուայի զինուորական գործունէութեան յաւելման» պատճառով:

 

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիան Հերքած Է Յորդանանի Մէջ Ենթադրեալ Դաւադրութեան Հետ Կապ Ունենալու Վարկածը

Յաջորդը

«Անկախ Այն Բանէն, Թէ Ո՛վ Ինչ Կ՛ուզէ Կամ Չ՛ուզեր, Մենք Պիտի Կառուցենք «Պոլիս» Ջրանցքը» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?