Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Եռակողմ Յայտարարութեան Գործադրութեան Առնչութեամբ Դիմած Է Միջազգային Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւններուն

June 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապուլլայեւա, մեկնաբանելով միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն հետ պաշտօնական Պաքուի համագործակցութիւնը, յայտարարութիւն մը հրապարակելով միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է աջակցելու Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ կնքուած եռակողմ յայտարարութեան իրականացման: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը:

«Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք աջակցելու  Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 10 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան, որ ուղղուած է շրջանին մէջ բարի դրացիական յարաբերութիւններու վերականգնման, կոչ կ՛ուղղէ հրաժարելու մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ընտրովի մօտեցումէն», ըսած է ան:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակած է` պատասխանելով  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան` նշելով. «Հայաստանը, որ յղում կը կատարէ միջազգային օրէնքին, նախ եւ առաջ ինք պէտք է սորվի անոր նկատմամբ յարգալից վերաբերիլ»:

Նախարարութիւնը աւելցուցած է. «Շուշիի հռչակագիրին վերաբերեալ Երեւանի յայտարարութիւնը կեղծաւորութեան վերջին փուլն է»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ կնքուած Շուշիի հռչակագիրը, նշած է, որ ատիկա ուղղուած է հայ ժողովուրդին դէմ: Անկէ ետք ազրպէյճանական կողմը կրկին տուրք տուած է իր անտրամաբանական թեզերուն եւ նշած. «Ինքնին Հայաստանի յարձակողական քաղաքականութիւնն ու վրէժխնդրական տրամադրութիւնները ուղղուած են հայ ժողովուրդին դէմ, եւ Հայաստանի այդ դիրքորոշումը լուրջ խոչընդոտ է շրջանի անվտանգութեան ու խաղաղութեան»:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Տարածքներու ազատագրումէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ, եւ շրջանային համագործակցութեան բացառիկ կարելիութիւններ յայտնուած են: Գիտակցելով այս իրավիճակը` Հայաստանը պէտք է ընտրէ` օգտագործե՞լ համագործակցութեան այս ձեւաչափը, թէ՞ ոչ»:

 

Նախորդը

«Շուտով Զանգեզուրի Միջանցքի Հարցը Պիտի Քննարկեմ Փութինի Հետ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.