Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Շուշիի, «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Եւ Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հեռանկարներուն Մասին` «Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Նոր Ղարաբաղ Պիտի Կառուցեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յունիս 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսած է, որ Անգարան եւ Պաքուն միացեալ ջանքերով պիտի վերականգնեն Լեռնային Ղարաբաղը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Վզ» կայքը:

«Երէկ մենք շրջեցանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ տեսանք, թէ երեսուն տարուան տագնապէն ետք ինչպիսի՛ աւերածութիւններ եղած են, սակայն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը միասին պիտի վերակառուցեն ամէն ինչ, պիտի կառուցեն նոր Ղարաբաղ», ըսած է Էրտողան եւ աւելցուցած, որ տագնապին լուծումը համագործակցութեան կարելիութիւններ կը ստեղծէ բոլորին համար, ներառեալ Հայաստանը:

Ան նշած է, որ Անգարան իր բոլոր կարելիութիւններով Պաքուի կողքին է եւ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ «վաղը»:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքին համաձայն, խորհրդարանին մէջ իր խօսքի ընթացքին Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Շուշին պիտի դառնայ թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաքը:

«Այս քաղաքին մէջ ապրած են մեծ յօրինող Ուզէիր Հաճիպէյլին, Պիւլպիւլը, Նաթաւան եւ այլ բանաստեղծներ: Այսօր Շուշին կը վերակենդանանայ, եւ այս հարցին մէջ Շուշին Ազրպէյճանի մշակութային մայրաքաղաք յայտարարելը յստակ ուղերձ է աշխարհին», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը եւ նշած, որ յաջորդ տարի անիկա թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք դարձնելը պատիւ պիտի ըլլայ այդ աշխարհին համար:

Բացի ատկէ, ան անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին` նշելով, որ Նախիջեւանի եւ Պաքուի միջեւ այդ միջանցքի նշանակութիւնը դժուար է գերագնահատել: Ըստ անոր, այս փոխադրամիջոցային միջանցքը պիտի նպաստէ ամբողջ շրջանի բարեկեցութեան եւ զարգացման:

Ան խօսած է նաեւ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն մասին:

«Հազիւ վերանան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խնդիրները, Թուրքիան կրնայ որոշակի քայլերու ձեռնարկել Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսած է Էրտողան:

 

 

Նախորդը

Շուշի Մեկնելու Ճամբուն Վրայ Էրտողանի Հետ Զրոյցի Ընթացքին. «15 Գերի Տուինք Եւ Վերցուցինք Ականապատուած Բոլոր Տարածքներուն Քարտէսը. Ամերիկացիները Հանդէս Եկած Են Իբրեւ Երաշխաւոր» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Վեհաժողովը Կը Յայտարարէ. «Մենք Վճռական Ենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հասնելու Հարցին Մէջ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?