Միացեալ Նահանգներ կտրուկ կերպով կը կրճատեն Միջին Արեւելքի մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու քանակը` շրջանին մէջ զինուորական ներկայութեան վերակազմակերպման ծիրին մէջ, որովհետեւ զինեալ ուժերու ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն Ռուսիոյ եւ Չինաստանի մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմի իրազեկ աղբիւրներու խօսքերը:
Աղբիւրները կը նշեն, որ սպառազինութեան չյայտարարուած կրճատումները սկսած են 2 յունիսին պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալմանի հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք: Սպառազինութեան մեծ մասը դուրս կը բերուի Սէուտական Արաբիայէն:
Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, Փենթակոնը ետ կը բերէ «Փաթրիոթ» հակահրթիռային 8 մարտկոց Իրաքէն, Քուէյթէն, Յորդանանէն եւ Սէուտական Արաբիայէն: Աղբիւրները կը նշեն, որ Միացեալ Նահանգներ Սէուտական Արաբիայէն նաեւ ետ կը բերեն ԹՀԱԱՏ անդրմթնոլորտային հետախուզման համակարգը եւ կը կրճատեն շրջանին մէջ հալածիչներու քանակը:
«Այն, ինչ կը տեսնէք, ներուժներու վերաբաշխում է` ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն համահունչ: Մենք տակաւին ուժեր ունինք Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, այդ ուժերը չեն հեռանար: Մենք տակաւին Արաբական ծոցի մեր գործընկեր երկիրներուն մէջ ունինք մեր յենակէտները, անոնք չեն փակուիր, տակաւին կայ զգալի ներկայութիւն», ըսած է պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը եւ աւելցուցած է` այնտեղ տեղակայուած սարքաւորումներուն միայն մէկ մասը կը վերադարձուի շրջանէն:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի աղբիւրներուն համաձայն, սարքաւորումներու դուրսբերման պատճառը կապուած է նաեւ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան աւելի աւանդական մակարդակին վերադարձի հետ` այն բանէն ետք, երբ նախորդ վարչակազմը սարքաւորումներ կ՛ուղարկէր Միջին Արեւելք` Իրանի վրայ ճնշում գործադրելու համար: Պաշտօնատարները կը կարծեն, որ ամերիկեան զինամթերքը չէ խանգարած Իրանին ապակայունացնող գործողութիւններ կատարելէ:
Սէուտական Արաբիան նոյնպէս կատարելագործած է իր պաշտպանական կարողութիւնները եւ ինքնուրոյն «որսացած» հրթիռային գրոհներու մեծ մասը: Բացի ատկէ, ամերիկեան հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը պահպանման ու նորոգման կարիք ունին: