Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խըրխըզիստան Կ՛ուզէ Ամրապնդել Թուրքիոյ Հետ Զինուորական Գործընկերութիւնը

June 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ իրենց երկիրներուն իշխանութիւնները հասած են բարեկամական յարաբերութիւններու «նոր մակարդակի», ուստի հետագային կը նախատեսուի ուժեղացնել զինուորական գործընկերութեան համակարգումը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով պետութեան ղեկավարի մամլոյ ծառայութեան:

Ժափարովի համաձայն, նախ եւ առաջ երկիրները պիտի ամրապնդեն համագործակցութիւնը համացանցային յանցագործութիւններու, մաքսանենգութեան, թմրեցուցիչներու եւ զէնքի ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ ապօրինի գաղթի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ:

«Ընդգծելով համաշխարհային եւ շրջանային քաղաքականութեան առնչութեամբ առանցքային դիրքորոշումներու նմանութիւնը` պետութեան ղեկավարը հաստատած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը», մանրամասնած են մամլոյ ծառայութենէն:

Թէ կողմերը ճիշդ ի՛նչ քայլերու կը նախատեսեն ձեռնարկել զինեալ ուժերու միացեալ ամրապնդման համար, եւ թէ ո՛ր ոլորտներուն վրայ ատիկա նախ եւ առաջ պիտի անդրադառնայ, քաղաքական գործիչը չէ մանրամասնած: Փոխարէնը ան ընդգծած է, որ երկրին իր զօրքերը արդիականացնելու համար խիստ անհրաժեշտ է դաշնակիցներու կանոնաւոր սպառազինական օգնութիւնը:

Յայտնենք, որ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ շրջանային անվտանգութեան ապահովումը կը բարդանայ Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի միջեւ տարածքային տագնապին պատճառով` սահմանազատման բացակայութեան եւ Խորհրդային Միութեան ժամանակներէն մնացած հարցերու պատճառով:

Վիճելի տարածքներուն մէջ տագնապները յաճախ կը յառաջանան հողային, ջրային, սահմաններու անօրինական անցման եւ ազգամիջեան տարակարծութիւններու շուրջ: Երկու երկիրներն ալ ՀԱՊԿ-ի անդամ են եւ կը նկատուին Ռուսիոյ ռազմական դաշնակիցներ:

Նշենք, որ 29 ապրիլին Տաճիկիստանի եւ Խըրխըզիստանի սահմանի վիճելի հատուածին մէջ մարտեր սկսած էին: Կողմերը զիրար մեղադրած էին սադրանքի համար: Տագնապը կարելի չէր եղած լուծել քանի մը օր շարունակ:

«Կոլովնոյ» ջրամբարին շուրջ ծագած խըրխըզ-տաճկական արիւնալի զինեալ բախումին պատճառով խըրխըզական կողմէն սպաննուած էին 34 մարդ եւ 178 ուրիշներ վիրաւորուած:

Տաճիկիստանի կողմէն սպաննուած է առնուազն 8 եւ վիրաւորուած 90 մարդ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Եւ Արցախ Այցելելէ Ետք. «Պատերազմին Մէջ Յաղթանակի Օգուտը Ժամանակի Ընթացքին Աւելի Լաւ Պիտի Հասկցուի» «Թուիթըր»-ի Վրայ Գրած Է Էրտողան

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Համամիտ Չէ Այն Պնդումներուն, Թէ Ժընեւի Հանդիպումը Ձեռնտու Էր Միայն Ռուսիոյ» Կ՛ըսէ Սալիվըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ,  Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»
Միջազգային

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

January 13, 2026
«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է,  Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը
Միջազգային

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.