Ժընեւի Վիլա Լա Կրանժ վիլլային մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպումը, որ բաղկացած էր երեք մասերէ` նեղ եւ երկու ընդլայնուած հանդիպումներ` թէյի եւ սուրճի ընդմիջումով:
Քրեմլին նախապէս հաղորդած էր, որ Փութինի եւ Պայտընի նեղ ձեւաչափով բանակցութիւնները տեւեցին գրեթէ երկու ժամ: Ըստ «Սի.Էն.Էն.»¬ի, անոնց բանակցութիւնները ընդհանուր առմամբ տեւած են 3,5 ժամ:
Հանդիպումի աւարտին Փութին եւ Պայտըն հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` նշելով. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները ցոյց տուած են, որ նոյնիսկ լարուածութեան պայմաններուն մէջ անոնք ի վիճակի են յառաջընթացի հասնիլ միացեալ նպատակներու իրականացման գործին մէջ` ռազմավարական ոլորտին մէջ կանխատեսելիութիւն ապահովելու, զինեալ բախումներու վտանգները եւ հիւլէական պատերազմի սպառնալիքները նուազեցնելու համար: Այսօր մենք կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը այն սկզբունքին, որ հիւլէական պատերազմին մէջ չեն կրնար յաղթող ըլլալ, եւ ատիկա երբեք պէտք չէ շղթայազերծուի»:
Հանդիպումի աւարտէն ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առանձին մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, որ հանդիպումը «բաւական կառուցողական, առանց թշնամանքի» էր եւ ղեկավարներուն զիրար հասկնալու փափաքը ցուցադրեց` աւելցնելով. «Մեր միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ ռուս եւ ամերիկացի դեսպաններուն Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա վերադառնալու շուրջ, եւ ջանք կը թափենք Պայտընի հետ հասարակաց ենթահող գտնելու` լուծելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները, եւ ընդհանուր կերպով քննարկեցինք Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցը»:
«Նախագահ Պայտընի հետ քննարկեցի ռազմավարական կայունութեան հաստատումը: Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա ռազմավարական կայունութեան հաստատման պատասխանատուութիւն կը կրեն: Պայտըն խոստացաւ ՍԹԱՐԹ համաձայնութիւնը երեք տարիով երկարաձգել, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք համացանցային յարձակումներուն շուրջ. անոնց մեծամասնութիւնը Միացեալ Նահանգներէն կը կատարուին, եւ անշուշտ Ուաշինկթընի հետ շարք մը հարցերու շուրջ տարակարծութիւններ ունինք»:
«Համաձայնութիւն գոյացուցինք Ուաշինկթընի հետ համացանցային յարձակումներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները շարունակելու, եւ մենք յանձնառու ենք Ուքրանիոյ հարցով Մինսքի համաձայնութիւնը գործադրելու եւ դիւրացնելու, սակայն Միացեալ Նահանգներ մեր սահմաններուն վրայ զինուորական մարզումներ կը կատարեն, եւ Ռուսիան հակառակորդ կը նկատեն: Ինչ կը վերաբերի ռուս ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնիին, ապա ան ռուսական օրէնքը խախտեց», աւելցուց Փութին:
Պայտըն իր կարգին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան կայուն ու կանխատեսելի, եւ պէտք է գործակցինք հոն, ուր կրնանք: Փութինին յայտնեցի, որ օրակարգս Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամական չէ, եւ պէտք է ունենանք հիմնական կանոններ, որոնց յանձնառու ըլլանք»:
«Միացեալ Նահանգներ պիտի չներեն ամերիկեան ժողովրդավարութեան գերիշխանութիւնը ոտնահարելու որեւէ փորձ, ինչպէս նաեւ Փութինի հետ քննարկեցինք զէնքերու վերահսկողութեան հարցին շուրջ յառաջիկայ քայլերը եւ համաձայնեցանք երկկողմանի երկխօսութեան ձեռնարկելու», ըսաւ ան:
Պայտըն նշեց. «Համաձայնեցանք, որ մեր փորձագէտները աշխատին համացանցային գործունէութեան մէջ անընդունելին ճշդելուն վրայ, եւ Փութինի հետ համաձայնեցանք երաշխաւորելու, որ Իրան հիւլէական զէնք չունենայ, ինչպէս նաեւ քննարկեցինք Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ ահաբեկչութեան վերաշխուժացման կանխարգիլման հարցերը»:
«Վստահեցուցի, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի հակադարձեն մեր կենսական շահերուն կամ մեր դաշնակիցներու շահերուն ոտնահարման, եւ Փութինին հարցուցի, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր հակազդեցութիւնը, եթէ ռուսական քարիւղի դաշտերը ելեկտրոնային յարձակումներու ենթարկուին, եւ իրականութեան մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցելու որեւէ հարց չունինք, այնքան ատեն որ յանձնառու կը մնայ միջազգային օրէնքներուն, եւ Ռուսիոյ համար քայքայիչ հետեւանքներ պիտի ըլլան, եթէ ռուս ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնին բանտին մէջ մեռնի», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Չեմ կարծեր, որ Փութին Պաղ պատերազմի կը ձգտի, եւ որեւէ սպառնալիքներ չեղան, այլ որոշ քայլերու եւ անոնց հաւանական հետեւանքներու գնահատականներ», յայտարարեց Պայտըն:
«Ինչպէ՞ս կրնայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըլլալ եւ չխօսիլ մարդկային իրաւանց խախտումներուն դէմ: Նախագահ Փութինին յստակ դարձուցի, թէ պիտի շարունակենք արծարծել մարդկային հիմնարար իրաւունքներու հարցերը, որովհետեւ այդ է մեր ինքնութիւնը», աւելցուց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը վստահի, որ Փութին իր խօսքը պիտի յարգէ, Պայտըն ըսաւ. «Ասիկա վստահութեան մասին չէ: Ասիկա անձնական շահի եւ անձնական շահի ստուգման մասին է»: