Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փութինի Հետ Հանդիպումը Հասած Է Իր Նպատակներուն» Կ՛ըսէ Պայտըն

June 18, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կարծիքով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Ժընեւի հանդիպումին ընթացքին հասած է իր նպատակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը:

Պայտըն շեշտած է, որ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ Ուաշինկթըն տակաւին շատ ընելիքներ ունի` նշելով, որ ինք Փութինին ըսած է, որ Ռուսիան պէտք չէ թելադրէ աշխարհի վրայ խաղի կանոնները:

Ան հանդիպումը որակած է դրական` նշելով, որ Ուաշինկթըն այժմ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու կառուցման հիմք ունի:

«Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Պայտըն Ժընեւէն մեկնելէ առաջ յայտարարած է. «Ռուսիան այժմ շատ ծանր վիճակի մէջ է»: Միացեալ Նահանգներու նախագահին համաձայն, մեծագոյն երկիրները վերջին երեք-հինգ տարիներուն սկսած են իրենք իրենց հարցնել, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պահպանել աշխարհի վրայ իրենց ղեկավարութիւնը: Միացեալ Նահանգներ եւս, ինչպէս մանրամասնած է Պայտըն, նման ձեւով կը վարուի:

«Ռուսիան այժմ շատ, շատ բարդ իրավիճակի մէջ է: Չինաստանը կը ճնշէ անոնց վրայ: Անոնք յուսահատօրէն կ՛ուզեն մնալ համաշխարհային գերտէրութիւն», ըսած է ան:

Բացի ատկէ, ան այն կարծիքին է, որ Ռուսիան կը փորձէ արդիական մնալ: «Անոնք չեն ուզեր ըլլալ, ինչպէս կ՛ըսեն որոշ քննադատներ, «հիւլէական զէնքով Վերին Վոլկա», յստակացուցած է Պայտըն:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպումին արդիւնքները, յայտարարեց, որ մինչեւ հիմա չկան հիմքեր Միացեալ Նահանգները ոչ բարեկամական երկիրներու ցուցակէն հանելու համար:

Ան մանրամասնեց, որ բանակցութիւնները ընթացած են մօտաւորապէս այնպէս, ինչպէս ռուսական կողմը կը սպասէր:

Բացի ատկէ, Փեսքով նշեց, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ Ուաշինկթընի մէջ ռազմավարական կայունութեան շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին ո՛վ պիտի գլխաւորէ ռուսական պատուիրակութիւնը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Միացեալ Նահանգներու նախագահի օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ երկու նախագահները իրենց հանդիպումին ընթացքին շատ բան քննարկած են:

«Անոնց հանդիպումը աւարտած է սպասուածէն ուշ: Սկզբնական ժամանակացոյցին մէջ կային որոշ ընդմիջումներ, որոնցմէ ամբողջովին չօգտուեցանք: Սակայն, ինչպէս յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը, Փութինի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին քննարկուած է հարցերու լայն շրջանակ», յայտարարած է պաշտօնատարը:

Ան երկու երկիրներու ղեկավարներուն զրոյցը նկատած է «կեդրոնացած, գործնական եւ առանց առճակատման»:

Բացի ատկէ, պաշտօնատարին համաձայն, Պայտընն ու Փութինը հանդիպման ժամանակ քննարկած են ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորումը յառաջ մղելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ համաձայնած են ուսումնասիրել երկու երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

Փութին Զուիցերիոյ Նախագահի Հետ Դռնփակ Ձեւաչափով Քննարկած Է Արցախի Հարցը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.