Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Շրջանին մէջ Վեցեակի նոր ձեւաչափով համագործակցութեան կարելիութիւններ ի յայտ եկած են»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Անոնք են Թուրքիան, Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Հայաստանը եւ Իրանը: Վրաստանը որոշ հարցեր ունէր, սակայն Վրաստանի վարչապետի վերջին այցելութեան ընթացքին ես անոր բացատրած եմ այս ձեւաչափին օգուտները: Ես ըսած եմ, որ դուք տեղեակ էք այն խնդիրներուն մասին, որոնք գոյութիւն ունին մեր եւ Հայաստանի միջեւ: Սակայն հակառակ այս բոլորին, մենք կ՛ուզենք, որ մեր ազրպէյճանցի եղբայրներուն խնդիրները լուծուին:
«Նմանապէս, այս հարթակը օգտակար պիտի ըլլայ Ռուսիոյ հետ ձեր խնդիրները լուծելու: Այս շրջանը խաղաղութեան կարիք ունի, մենք ատիկա պէտք է ընենք», պատմած է Էրտողան:



