Միջազգային

Հակառակ Առաքելութեան Ձախողութեան  Մասին Մեղադրանքներուն.  Պլինքըն Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկեան  Առաքելութեան Յաջողութիւնը Կը Յայտարարէ

Հակառակ Առաքելութեան Ձախողութեան Մասին Մեղադրանքներուն. Պլինքըն Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկեան Առաքելութեան Յաջողութիւնը Կը Յայտարարէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ ամերիկացի զինուորները մեծ մասամբ յաջողած են իրագործել Աֆղանիստանի համար դրուած նպատակները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք Աֆղանիստանի մէջ մեր նպատակներու իրագործման հարցին մէջ մեծ մասամբ յաջողութեան հասած ենք, սակայն այդ երկրին մէջ տագնապը զինուորական լուծում չունի», «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Պլինքըն:...

128 Մեթր Տրամագիծով Երկնաքար Մը  Կը Մօտենայ Մեր Մոլորակին

128 Մեթր Տրամագիծով Երկնաքար Մը Կը Մօտենայ Մեր Մոլորակին

Այսօր «Ուայ.Էմ.6» երկնաքարը պիտի թռչի Երկիրէն չորս միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ»-ը` յղում կատարելով ՆԱՍԱ-ին: Երկնաքարին տրամագիծը շուրջ 128 մեթր է: «Հակառակ այն հանգամանքին, որ համակարգչային վերլուծութիւնը մարմինը կ՛որակէ իբրեւ «Երկիրին մօտ գտնուող երկնաքար», այսուհանդերձ անիկա կարողականօրէն վտանգաւոր չէ», յայտնած են փորձագէտները: «Ուայ.Էմ.6»-ը արեւու շուրջ կը պտտի 401 օրուան մէջ: Այս երկնաքարը արդէն Երկիրին մօտէն անցած...

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Փաքիստանի Խորհրդարաններու Նախագահները Այցելած Են  Թշնամիին Յանձնուած Շուշի

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Փաքիստանի Խորհրդարաններու Նախագահները Այցելած Են Թշնամիին Յանձնուած Շուշի

Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ եւ Փաքիստանի խորհրդարանի նախագահ Ասատ Քայսար այցելած են թշնամիին յանձնուած հայոց Շուշի բերդաքաղաք: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ անոնք պիտի այցելեն Շուշիի տարբեր վայրեր, պիտի ծանօթանան «բարեկարգման աշխատանքներուն», ինչպէս նաեւ «հայերու բարբարոսութեան հետքերուն»:

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին  Կոչ Կ՛ուղղեն Վերադառնալու Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներու Հովանիին Տակ  Առարկայական Բանակցութիւններուն

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն Վերադառնալու Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հովանիին Տակ Առարկայական Բանակցութիւններուն

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` սահմանին վրայ կացութեան լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի երկայնքով բռնութեան վերջին մագլցումը: Մենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` կատարելու զինադադարի վերաբերեալ իրենց պարտաւորութիւնները` անյապաղ քայլերու...

Խօսելով Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Լարուածութեան Մասին` «Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ Հաղորդակցութիւններու Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլինի մէջ տեղեակ են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ կացութեան սրումին մասին եւ կ՛աշխատին կողմերուն հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մենք գիտենք, որ երէկ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ սրացում տեղի ունեցած է: Եւ դուք գիտէք, որ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները մեծ ջանքեր գործադրած են զինադադարի դրութիւնը վերականգնելու համար: Աշխատանքը կը շարունակուի», պատասխանած է Փեսքով լրագրողներու...

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Անընդունելի  Կը Նկատէ Հայաստան-Ազրպէյճան  Սահմանին Վրայ Ուժի Կիրարկումը

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Անընդունելի Կը Նկատէ Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Ուժի Կիրարկումը

ՀԱՊԿ-ի կայքին վրայ զետեղուած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերող յայտարարութիւնը: «27-էն 28 յուլիս 2021 լուսցող գիշերը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած են զինուորական բախումներ, որոնց պատճառով հայկական զինեալ ուժերու երեք զինուոր զոհուած է, չորսը` վիրաւորուած: Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում: «Լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ...

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին, Եւ Թեհրան Համաձայնութեան Հասնելու Չ՛Աճապարեր» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Խաթիպզատէ Յայտարարած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Վերականգնման Աջակցելու Թեհրանի Պատրաստակամութեան Մասին

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերականգնման աջակցելու Թեհրանի պատրաստակամութեան մասին: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Ան մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային բախումներու շարունակութեան նկատմամբ` երկու կողմերուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Իրանի ներկայացուցիչը ընդգծած է տագնապի խաղաղ լուծման որոնման անհրաժեշտութիւնը: Խաթիպզատէ, երկու կողմերուն կոչ ուղղելով յարգելու միջազգայնօրէն ճանչցուած...

Պաքուի Մէջ Հրապարակուած Է  2 Հայ Գերիներու Գործով Դատավճիռը

Պաքուի Մէջ Հրապարակուած Է 2 Հայ Գերիներու Գործով Դատավճիռը

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ աւարտած է 2 հայ գերիներու` Դաւիթ Դաւթեանի եւ Գէորգ Սուջեանի դէմ քրէական գործով դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ ազրպէյճանական կողմը զանոնք կը մեղադրէ «լրտեսութեան» համար: Դատաւոր Ալի Մամետովի նախագահութեամբ կայացած դատավարութեան ընթացքին դատախազը մեղադրեալներէն իւրաքանչիւրին համար պահանջած էր 16 տարուան բանտարկութիւն: Վճիռի ընթերցումէն ետք պարզ դարձած է, որ գերիները դատապարտուած...

Գերմանիան Պաքուին Եւ Երեւանին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Պահպանելու Զինադադարը  Եւ Պաշտպանելու Մարդոց Կեանքերը

Գերմանիան Պաքուին Եւ Երեւանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Պահպանելու Զինադադարը Եւ Պաշտպանելու Մարդոց Կեանքերը

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յանձնակատար Մաթիաս Լիւթենպերկ «Թուիթըր»-ի վրայ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ գրառում մը կատարելով նշած է. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերսկսած դաժան մագլցումը խորապէս մտահոգիչ է: Գերմանիան երկու կողմերուն ալ զինադադարի պահպանման եւ ուժերու ներածին չափով մարդոց կեանքերու պաշտպանութեան կոչ կ՛ուղղէ»:

Խամենէի Իրանի Նոր Կառավարութեան Խորհուրդ  Տուած Է Դասեր Քաղել Անցեալէն  Եւ «Չվստահիլ Միացեալ Նահանգներուն»

Խամենէի Իրանի Նոր Կառավարութեան Խորհուրդ Տուած Է Դասեր Քաղել Անցեալէն Եւ «Չվստահիլ Միացեալ Նահանգներուն»

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Իրանի գործող նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ անոր վարչակազմին հետ վերջին հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ Ռուհանիի նախագահութեան օրերուն ակնյայտ դարձած է, որ Արեւմուտքին վստահիլը իմաստ չունի, եւ նոր կառավարութիւնը դասեր պիտի քաղէ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը: Սէյիտ Ալի Խամենէի նշած է. «Եթէ Միացեալ Նահանգները հարուածներ չեն հասցներ,...

«Կը Կարծեմ` Միացեալ Նահանգները  Աֆղանիստանի Մէջ Ձախողած Են»  Կ՛ըսէ Փաքիստանի Վարչապետը

«Կը Կարծեմ` Միացեալ Նահանգները Աֆղանիստանի Մէջ Ձախողած Են» Կ՛ըսէ Փաքիստանի Վարչապետը

Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խան «Փի.Պի.Էս.Նիուզ Աուր» հաղորդման տուած հարցազրոյցին մէջ քննադատած է Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը` նշելով, որ ամերիկեան կողմը Թալեպան շարժման հետ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու հարցին մէջ ձախողած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը: «Կը կարծեմ` Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի մէջ ձախողած են: Սկիզբը կը փորձէին Աֆղանիստանի մէջ գտնել զինուորական լուծում, որ ընդհանրապէս գոյութիւն չունէր, իսկ ինծի...

Իրանի Մէջ Ահաբեկչութիւն Ծրագրող  Խմբաւորում Մը Բացայայտուած Է. Իսրայէլեան  Հետախուզութեան Հետ Կապ Ունեցող  Լրտեսներ Ձերբակալուած Են

Իրանի Մէջ Ահաբեկչութիւն Ծրագրող Խմբաւորում Մը Բացայայտուած Է. Իսրայէլեան Հետախուզութեան Հետ Կապ Ունեցող Լրտեսներ Ձերբակալուած Են

Իրանի հետախուզութեան հարցերով նախարարութիւնը բացայայտած է լրտեսներու խումբ մը, որ կապ ունի իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի հետ: «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ բացայայտուած խմբաւորումը մեծաքանակ զէնք տեղափոխած է Իրան` զինեալ ապստամբութիւններ հրահրելու եւ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու նպատակով: Նախարարութեան հակահետախուզական գրասենեակի տնօրէնը յայտնած է, որ իրանցի ուժայինները ձերբակալած են Մոսատի ցանցի անդամները, որոնք երկիր ներխուժած են արեւմտեան սահմանէն` իրենց հետ...

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր  Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու

Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր իրենց ուժերը հեռացնելու Սուրիոյ տարածքէն եւ մտադիր են շարունակել քրտական Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն աջակցիլ: Այս մասին կը գրէ ամերիկեան «Փոլիթիքօ» պարբերականը` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմին մէջ իր ունեցած բարձրաստիճան աղբիւրներուն: Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող շուրջ 900 զինուոր, ներառեալ ցամաքային զօրքերու մասնայատուկ ուժերու զինուորները, երկրի տարածքին մէջ պիտի մնան` աջակցելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին...

«Ռուսիան Ու Չինաստանը Մեր Մրցակիցներն Են,  Սակայն Անոնց Հետ Գործակցելու Ոլորտներ Կան»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Ռուսիան Ու Չինաստանը Մեր Մրցակիցներն Են, Սակայն Անոնց Հետ Գործակցելու Ոլորտներ Կան» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է Մոսկուայի եւ Փեքինի հետ որոշ ոլորտներու մէջ գործակցի` հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք Միացեալ Նահանգներուն մրցակիցներ կը նկատուին: Պայտըն Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան պաշտօնեաներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Աշխարհը մեծապէս կը փոխուի, եւ շատ կարեւոր է, որ մեր գործընկերներուն ու դաշնակիցներուն հետ աշխատինք մեր ճարտարագիտական գերակայութիւնը պահպանելու, ներածման շղթան...

Փութին Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութիւնը Քննարկեց Ռուսիոյ  Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ

Փութին Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութիւնը Քննարկեց Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը խորհրդակցութեան ժամանակ քննարկած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Խորհրդակցութեան ընթացքին մասնակիցները քննարկած են Ռուսիոյ ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերող ընթացիկ հարցեր: Բացի ատկէ, արծարծուած են նաեւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցեր, ներառեալ ԱՖղանիստանի մէջ եւ...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը  Կը Սպառնայ Հայաստանին.  «Զանգեզուրի Միջանցքը Պէտք Է Բացուի»  Կ՛ըսէ Շենթոփ

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Կը Սպառնայ Հայաստանին. «Զանգեզուրի Միջանցքը Պէտք Է Բացուի» Կ՛ըսէ Շենթոփ

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ յայտարարած է. «Շուշիի հռչակագիրը նոր կարելիութիւններ բացած է թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու զարգացման համար»: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Իբրեւ առաջին քայլ` մենք եռակողմ հանդիպում ունեցած ենք Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահներուն միջեւ», լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Շենթոփ: Ըստ անոր, «ձեռք բերուած են բազմաթիւ համաձայնութիւններ, քայլերու կը ձեռնարկուին զինուորական ոլորտին մէջ համագործակցութեան ուղղութեամբ»:...

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը «Թրքական Բանակ»-ի  Ստեղծման Շուրջ Կը Բանակցին

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը «Թրքական Բանակ»-ի Ստեղծման Շուրջ Կը Բանակցին

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կրնան միացեալ թրքական բանակ ստեղծել. կողմերը բանակցութիւններ կը վարեն այս հարցով: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ: «Հակառակ այս բոլորին` մեր գաղափարը մէկ ազգ, երկու պետութիւնն է: Եւ այդպէս պիտի ըլլայ միշտ: Այդ հարցով բազմաթիւ բանակցութիւններ եւ համաձայնութիւններ եղած են», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

«Կիպրոսի Լքուած Վարոշա Քաղաքը Վերաբանալու  Քայլերէն Ետ Չկանգնելու Պարագային  Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ  Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ»  Կ՛ըսէ Պորել

«Կիպրոսի Լքուած Վարոշա Քաղաքը Վերաբանալու Քայլերէն Ետ Չկանգնելու Պարագային Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութիւնը նախազգուշացուցած է միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու կողմէ իրենց յաջորդ հանդիպման Թուրքիոյ դէմ քայլերու մասին, եթէ Անգարան չջնջէ Կիպրոսի լքուած Վարոշա քաղաքին մէջ միակողմանի քայլերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ» թերթը: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել իր գրաւոր յայտարարութեան մէջ նշած է. «Միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ միակողմանի քայլերն ու Թուրքիոյ նախագահին եւ Կիպրոսի...

«Մենք Երբեք Պիտի Չհամաձայնինք, Որ Կղզիին  Հիւսիսը Թուրքիոյ Կողմէ Ամբողջապէս Կառավարուող  Անկախ Պետութիւն Մը Ստեղծուի»  Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

«Մենք Երբեք Պիտի Չհամաձայնինք, Որ Կղզիին Հիւսիսը Թուրքիոյ Կողմէ Ամբողջապէս Կառավարուող Անկախ Պետութիւն Մը Ստեղծուի» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

Յոյն-կիպրացիները երբեք պիտի չհամաձայնին, որ Կիպրոսի հիւսիսը Թուրքիոյ կողմէ կառավարուող անկախ պետութիւն ստեղծուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս` Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հանդիպումէն ետք: «Անկարելի է պատկերացնել, որ յոյն կիպրացիները կրնան համաձայնիլ կղզիի հիւսիսը պետական կազմաւորման` անկախ պետութեան ձեւաւորման հետ, որ ամբողջութեամբ պիտի կառավարուի Թուրքիոյ կողմէ եւ ուր լիակատար կերպով...

Պիլկիչ. «Թուրքիան Չի Պատրաստուիր Հազարաւոր  Աֆղան Գաղթականներ Ընդունելու»

Պիլկիչ. «Թուրքիան Չի Պատրաստուիր Հազարաւոր Աֆղան Գաղթականներ Ընդունելու»

Թուրքիան չի պատրաստուիր ստանձնել միջազգային պարտաւորութիւններ եւ ընդունիլ հազարաւոր աֆղան գաղթականներ, որոնք որոշած են լքել իրենց երկիրը` այնտեղ տիրող կացութեան սրման պատճառով: «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանճու Պիլկիչ: Անոր համաձայն, Անգարան «զարմացած է` Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցի յայտարարութեամբ, որ Թուրքիան կոչած է աֆղան գաղթականներուն համար ամէնէն յարմար վայրը»: «Թուրքիան ոչ մէկ...

Page 331 of 883 1 … 330 331 332 … 883

Արխիւներ