Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Իրանի գործող նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ անոր վարչակազմին հետ վերջին հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ Ռուհանիի նախագահութեան օրերուն ակնյայտ դարձած է, որ Արեւմուտքին վստահիլը իմաստ չունի, եւ նոր կառավարութիւնը դասեր պիտի քաղէ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը:
Սէյիտ Ալի Խամենէի նշած է. «Եթէ Միացեալ Նահանգները հարուածներ չեն հասցներ, ապա այս պահուն պարզապէս միջոցներ չունին»: Ան շեշտած է, որ պատժամիջոցները ջնջելու մասին Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնները միայն թուղթի վրայ են, սակայն ո՛չ իրագործուած են, ո՛չ ալ պիտի իրագործուին:
Վերջին բանակցութիւններուն համար դիւանագէտներուն շնորհակալութիւն յայտնելով` Խամենէի ըսած է. «Ամերիկացիները հաւատարիմ են իրենց կամակոր դիրքին: Թուղթի վրայ եւ բառերով կը խոստանան ջնջել պատժամիջոցները, սակայն անոնք չեն ջնջած եւ պիտի չջնջեն: Անոնք պայման դրած են պատժամիջոցները ջնջել` հետագային հարցերու շուրջ բանակցելու իրաւունք ստանալով, ինչն ալ իրականութեան մէջ հետագայ միջամտութեան պատրուակ է»:
Հանդիպումի աւարտին Իրանի հոգեւոր պետը Միացեալ Նահանգներու վարքը որակած է «դիտաւորութիւն» եւ յաջորդ վարչակազմին խորհուրդ տուած է դասեր քաղել այս փորձէն ու զայն հաշուի առնել: