Ռայիսի. «Արտասահմանէն Ոչ Ոք Կրնայ Եմէնի Ճակատագիրը Որոշել»
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտնեց, որ «արտասահմանէն ոչ ոք կրնայ Եմէնի ճակատագիրը որոշել»` նշելով. «Աշխարհին յստակ դարձաւ, թէ պատերազմի դաշտին վրայ ո՛վ է յաղթականը»: Ռայիսի հուսիներու Անսարուլլա խմբաւորման Մոհամետ Ապտելսալամի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին ըսաւ. «Եմէնը այսօր համաշխարհային ամբարտաւանութեան դիմադրութեան օրինակ դարձաւ եւ իսլամական ու արաբական աշխարհներուն պարծանքը»: «Այս պատուաբեր յաղթանակը միայն եմէնցիներուն չի վերաբերիր, այլ ամբողջ աշխարհի...



















