Քրեմլինի մէջ տեղեակ են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ կացութեան սրումին մասին եւ կ՛աշխատին կողմերուն հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք գիտենք, որ երէկ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ սրացում տեղի ունեցած է: Եւ դուք գիտէք, որ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները մեծ ջանքեր գործադրած են զինադադարի դրութիւնը վերականգնելու համար: Աշխատանքը կը շարունակուի», պատասխանած է Փեսքով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Մոսկուան արդեօք պատրա՞ստ է Հայաստանի սահմանը վերցնելու իր պաշտպանութեան տակ եւ արդեօք չի՞ վախնար Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու սրումէն:
«Ռուսիան կը շարունակէ հաղորդակցութիւնները Երեւանի եւ Պաքուի հետ` եռակողմ համաձայնագիրներու լիարժէք իրականացումը ապահովելու համար», ըսած է Փեսքով:
Երբ անկէ խնդրած են մեկնաբանել Նիկոլ Փաշինեանի` Ազրպէյճանի հետ սահմանի ամբողջ երկայնքին ռուս սահմանապահներու կէտեր տեղակայելու մասին խնդրանքը, Ռուսիոյ նախագահի բանբերը ըսած է. «Երեւանի հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին. աւելցնելու բան չունիմ»:



