Միջազգային

«Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Մարտական  Առաքելութիւնը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Աւարտի»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Մարտական Առաքելութիւնը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Աւարտի» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական առաքելութեան աւարտին մասին: Զինուորներուն մէկ մասը պէտք է հեռանայ այս երկրէն մինչեւ տարեվերջ: Սակայն Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ պատրաստել իրաքցի զինուորները, խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցել եւ պայքարիլ ահաբեկիչներու դէմ: «Կը կարծեմ` ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ: Իրաքի մէջ մեր դերը պիտի ըլլայ վերապատրաստումը շարունակելը` օգնելով պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի ի յայտ գալու ժամանակ:...

Պաքուի Հռչակագիրը Ստորագրուեցաւ.  «Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Դառնայ  Միջանցք Եղբայրական Փաքիստանէն  Դէպի Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահը

Պաքուի Հռչակագիրը Ստորագրուեցաւ. «Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Դառնայ Միջանցք Եղբայրական Փաքիստանէն Դէպի Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահը

«Զանգեզուրի միջանցքը պիտի դառնայ նոր միջանցք եղբայրական Փաքիստանէն դէպի Թուրքիա եւ Ազրպէյճան». երէկ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ Ազրպէյճանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու նախագահներու առաջին եռակողմ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահները եռակողմ հանդիպումի աւարտին ստորագրեցին Պաքուի հռչակագիրը: Կաֆարովա նշած է եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումներ կատարելու կարեւորութիւնը:...

Թունուզի Նախագահը Պլինքընին Կը Յայտնէ  Օրինականութիւնը, Իրաւունքներն  Ու Ազատութիւնները Յարգելու  Իր Նախանձախնդրութիւնը

Թունուզի Նախագահը Պլինքընին Կը Յայտնէ Օրինականութիւնը, Իրաւունքներն Ու Ազատութիւնները Յարգելու Իր Նախանձախնդրութիւնը

Թունուզի նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է: Թունուզի նախագահը յայտնած է, որ օրինականութիւնը, իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգելու նախանձախնդիր է, եւ նշած, որ իր որդեգրած քայլերը սահմանադրութեան 80-րդ կէտի գործադրման ծիրին մէջ են` պաշտպանելու համար սահմանադրական կառոյցները, պետութիւնը, եւ հաստատելու համար ընկերային խաղաղութիւնը»: Պլինքըն...

Ըստ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին  Ներկայացուած Զեկուցումին.  Թուրքիան Ահաբեկիչներու Համար  Հիմնական Գումակային Կեդրոն Է

Ըստ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուած Զեկուցումին. Թուրքիան Ահաբեկիչներու Համար Հիմնական Գումակային Կեդրոն Է

Թուրքիոյ մէջ ապրող ույղուրական, թուրքմենական եւ միջինասիական գաղթականները կը ծառայեն իբրեւ արմատական իսլամական ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն անդամագրուելու զգալի «պահեստ»: «Ահվալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած զեկուցումին մէջ: «Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Իտլիպ նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ կարեւոր դարպաս», կը նշուի 22 էջնոց զեկուցումին մէջ, որ կ՛անդրադառնայ 2021 թուականին ահաբեկչական սպառնալիքներուն: Ըստ զեկուցումին,...

Զախարովան Միացեալ Նահանգներուն Առաջարկած Է  «Ջնջել Հետքերը» Իրաքի,  Լիպիոյ, Աֆղանիստանի Եւ Սուրիոյ Մէջ

Զախարովան Միացեալ Նահանգներուն Առաջարկած Է «Ջնջել Հետքերը» Իրաքի, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի Եւ Սուրիոյ Մէջ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Ամերիկեան զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի պետի տեղակալ զօր. Ճոն Հայտընի յայտարարութիւնը, Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած է «հեռացնել իր փոքր հետքերը» Իրաքի, Լիպիոյ, ԱՖղանիստանի եւ Սուրիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Հայտըն նախապէս ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգները, տեսնելով ԱՖղանիստանի եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, «պէտք...

Անասթասիատիս. «Անոնք, Որոնք Կիպրոսի  Հանրապետութիւնը Չեն Ճանչնար Եւ Անջատման  Ու Երկիրը Մասնատելու Կոչեր Կ՛ուղղեն,  Չեն Կրնար Կիպրական Անձնագիրներ Ունենալ»

Անասթասիատիս. «Անոնք, Որոնք Կիպրոսի Հանրապետութիւնը Չեն Ճանչնար Եւ Անջատման Ու Երկիրը Մասնատելու Կոչեր Կ՛ուղղեն, Չեն Կրնար Կիպրական Անձնագիրներ Ունենալ»

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս կիպրացի թուրք պաշտօնատարներուն սպառնացած է, որ պիտի ջնջէ անոնց կիպրական անձնագիրները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ» օրաթերթը: «Անոնք, որոնք Կիպրոսի Հանրապետութիւնը չեն ճանչնար եւ անջատման ու երկիրը մասնատելու կոչեր կ՛ուղղեն, չեն կրնար կիպրական անձնագիրներ ունենալ», ըսած է Անասթասիատիս: Կիպրոսի իշխանութիւնները նշած են, որ այս քայլը չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան պաշտօնատար անձերու, որոնց շարքին Անգարայի...

Պայրամով. «Պաքուն Հայաստանէն Տակաւին  Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու  Վերաբերեալ Պատասխան Չէ Ստացած»

Պայրամով. «Պաքուն Հայաստանէն Տակաւին Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Վերաբերեալ Պատասխան Չէ Ստացած»

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Պաքուն Հայաստանէն տակաւին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ պետական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթին սկսելու առաջարկին վերաբերեալ պատասխան չէ ստացած: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Պայրամով այս մասին յայտարարած է Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Ազրպէյճան հանդէս եկած է շարք մը առաջարկներով: Ատիկա կ՛առնչուի նաեւ Հայաստանի հետ բաց սահմանի...

«Ղարաբաղեան Պատերազմի Ժամանակ Ամբողջ  Ուժով Աջակցած Ենք Ազրպէյճանին»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Ղարաբաղեան Պատերազմի Ժամանակ Ամբողջ Ուժով Աջակցած Ենք Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

  Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ, որ այցելութեամբ կը գտնուի Ազրպէյճան, յայտարարած է, որ արցախեան պատերազմի ժամանակ իրենք ամբողջ ուժով աջակցած են Ազրպէյճանին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ մենք ամբողջ ուժով աջակցած ենք Ազրպէյճանին», ըսած է Քուրթուլմուշ: Թուրք պաշտօնատարը ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազրպէյճանի իշխող...

Իսրայէլի Նախագահը Էրտողանին Առաջարկած Է  «Գաւաթ Մը Սուրճի Սեղանի Շուրջ»  Լուծել Տարակարծութիւնները

Իսրայէլի Նախագահը Էրտողանին Առաջարկած Է «Գաւաթ Մը Սուրճի Սեղանի Շուրջ» Լուծել Տարակարծութիւնները

Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ իսլամական արուեստի թանգարանին մէջ «Սուրճ. Արեւելք եւ Արեւմուտք» ցուցահանդէսի շնորհահանդէսի ընթացքին նամակ ուղարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին. «Եթէ մենք նստինք գաւաթ մը սուրճի սեղանի շուրջ, ապա մեր միջեւ տարակարծութիւնները այդքան անլուծելի չեն թուիր»: Հերցոկ նշած է 11 տարի ետք Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առաջին մշակութային կցորդ Սելիմ Էօզթուրքի նշանակման մասին: «Ան շատ օգնած...

Իրանի Մէջ Կը Շարունակուին Ըմպելի  Եւ Ոռոգման Ջուրի Բացակայութեան Պատճառով  Ցոյցերը. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Իրանի Մէջ Կը Շարունակուին Ըմպելի Եւ Ոռոգման Ջուրի Բացակայութեան Պատճառով Ցոյցերը. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Իրանի մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի բացակայութեան պատճառով հարաւարեւմտեան Խուզեսթան նահանգին մէջ 15 յուլիսին սկսած եւ մինչեւ օրս երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը կը սաստկանան: «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, կը հաղորդէ, որ իրաւապահներու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու ընթացքին զոհերուն թիւը հասած է 10-ի, բազմաթիւ մարդիկ լուրջ վնասուածքներ ունին: Իրաւապաշտպաններու լրատու գործակալութեան (ՀՌԱՆԱ)...

Ռուսիա Կը Հետեւի, Իսկ Թուրքիա Մտահոգութիւն  Կը Յայտնէ Թունուզի Զարգացումներուն Նկատմամբ

Ռուսիա Կը Հետեւի, Իսկ Թուրքիա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թունուզի Զարգացումներուն Նկատմամբ

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յատյնեց, որ իր երկիրը «կը հետեւի Թունուզի կացութեան եւ կը յուսայ, որ որեւէ բան այնտեղի քաղաքացիներուն անվտանգութեան պիտի չսպառնայ»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Թունուզի մէջ խորհրդարանի աշխատանքի սառեցման նկատմամբ եւ յոյս յայտնեց, որ ժողովրդավարական օրինականութիւնը շուտով կը վերականգնի: «Թունուզը շրջանին մէջ ժողովրդային ձգտումներու ծիրին մէջ ժողովրդավարական երթի առումով բնորդային յաջողութեան պատմութեան...

Վատիկանը Առաջին Անգամ Ըլլալով Բացայայտած Է  Իրեն Պատկանող Սեփականութեան Մասին Տուեալները

Վատիկանը Առաջին Անգամ Ըլլալով Բացայայտած Է Իրեն Պատկանող Սեփականութեան Մասին Տուեալները

Վատիկանը առաջին անգամ բացայայտած է իրեն պատկանող սեփականութեան եւ անշարժ գոյքի քանակը` յայտնելով, որ անոնց թիւը աւելի քան 5000 է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս տեղեկութիւնը հրապարակուած է երբեւէ կատարուած ամէնէն մանրամասն ելեւմտական բացայայտման ծիրին մէջ: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է երկու փաստաթուղթերով` Վատիկանի 2020 թուականի համախմբուած ելեւմտական հաշուետուութեան եւ Վատիկանի եկեղեցական սեփականութեան վարչութեան (ԱՓՍԱ)` պատմութեան մէջ առաջին պետական պիւտճէի...

Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութիւնը Կը Նախատեսէ, Որ Յառաջիկայ  Տասնամեակներուն 3 Տեսակի  Քաղցկեղ Կրնայ Անհետանալ

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Նախատեսէ, Որ Յառաջիկայ Տասնամեակներուն 3 Տեսակի Քաղցկեղ Կրնայ Անհետանալ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մասնագէտները նախատեսած են, որ յառաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին քաղցկեղի երեք տեսակ կրնայ անհետանալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` ներկայացնելով մասնագէտներու ուսումնասիրութեան արդիւնքները: Անոնց համաձայն, ծխախոտէն հրաժարելով կարելի է յաղթահարել թոքերու քաղցկեղը: Այս ոլորտին մէջ կատարուած բազմաթիւ հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ ծխախոտի ծուխն է, որ քաղցկեղի յառաջացման կը յանգեցնէ: Յառաջիկայ տարիներուն կրնայ անհետանալ նաեւ լեարդի քաղցկեղը`...

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Թուրքիոյ  Անօդաչու Թռչող Սարքերու Բաղադրիչներ  Եւ Ճարտարագիտութիւն Մատակարարելու  Արգելք Կը Պատրաստէ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Թուրքիոյ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Բաղադրիչներ Եւ Ճարտարագիտութիւն Մատակարարելու Արգելք Կը Պատրաստէ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Տէյվիտ Չիչիլինէն եւ Կաս Պիլիրաքիսը կը պատրաստեն օրինագիծ մը, որ կը բովանդակէ արտաքին գործոց նախարարութեան երկկուսակցական կոչ` արգելք հաստատելու Թուրքիոյ մէջ անօդաչու թռչող սարքերու պատրաստութեան համար անհրաժեշտ ամէն ինչի մատակարարման վրայ: Երկու քոնկրեսականները Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակին մէջ կը նշեն, որ թրքական անօդաչու թռչող սարքերը կիրարկուած են արցախահայութեան եւ Սուրիոյ...

Նշելով, Որ Իրան Իր Սահմաններուն Վրայ  Բախումները Պիտի Չհանդուրժէ.  «Իրան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Լուծման Մանրամասն Ծրագիր Մշակած Է»  Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Թեհրան Պատրաստ Է Երեւանն Ու Պաքուն Հաշտեցնելու

Իրան պատրաստ է կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հարցին մէջ օգնելու Ազրպէյճանին: Իրանի իսլամական Հանրապետութեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: Ան ափսոսանք յայտնած է երեք հայ զինուորներու վիրաւորուելուն, ազրպէյճանցի զինուորի մը մահուան եւ փոխադարձ հրաձգութիւններուն վերաբերեալ: Խաթիպզատէ կողմերուն զսպուածութեան կոչ ուղղած է` յայտարարելով երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային վէճերու խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան մասին:...

Պայտըն Պիտի Պահպանէ Թուրքիոյ Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցները

Պայտըն Պիտի Պահպանէ Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Ամերիկացի դիւանագէտ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի պահպանէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն պատճառով Թուրքիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ դեկտեմբեր 2020-ին Թուրքիոյ պաշտպանական գնումներով զբաղող գործակալութեան դէմ սահմանափակող միջոցներ հաստատեց, երբ Անգարա սկսաւ «Էս-400»-ներ փորձարկել:  

Իրան. «Պատրաստ Ենք Աֆղանիստանի Շուրջ  Ուաշինկթընի Մասնակցութեամբ Բազմակողմանի  Բանակցութիւններու Մասնակցելու»

Իրան. «Պատրաստ Ենք Աֆղանիստանի Շուրջ Ուաշինկթընի Մասնակցութեամբ Բազմակողմանի Բանակցութիւններու Մասնակցելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր պատրաստակամութիւն յայտնեց «Աֆղանիստանի շուրջ Ուաշինկթընի մասնակցութեամբ եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ բազմակողմանի բանակցութիւններու մասնակցելու»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Աֆղանիստանի մէջ ներքին պատերազմը ուշ կամ կանուխ կրնայ սկսիլ, եթէ լուծում չգտնուի»: «Շրջանային կամ միջազգային որեւէ դերակատար չի կրնար, առանց բոլորին հետ համակարգում կատարելու, միայն իր մեքանիզմով գործել` լուծելու համար տագնապը», նշեց նախարարութիւնը: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու...

Էրտողան. «Թուրքիան Ականջ Պիտի Չկախէ  Սպառնալիքին Ու Շանթաժին Եւ Պիտի Շարունակէ  Իր Իրաւունքները Պաշտպանել»

Էրտողան. «Թուրքիան Ականջ Պիտի Չկախէ Սպառնալիքին Ու Շանթաժին Եւ Պիտի Շարունակէ Իր Իրաւունքները Պաշտպանել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Պիտի շարունակենք ձախողութեան մատնել դաւաճանական սադրանքները, որոնք թիրախ կը դարձնեն մեր երկրին միասնականութիւնն ու անվտանգութիւնը, մեր ժողովուրդի կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ բարօրութիւնը»: Ան նշեց. «Մտադիր ենք մուտք գործել 2023 թուական, երբ պիտի նշենք 100-ամեակը մեր հանրապետութեան` իբրեւ ուժեղ ու անկախ պետութիւն, որ կը վայելէ տնտեսական, զինուորական, քաղաքական ու դիւանագիտական գետնի վրայ բարօրութիւն»: Ան շաբաթ օր...

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Երկու Թուրք Զինուորներ  Սպաննուած Են Եւ Երկու Ուրիշներ Վիրաւորուած

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Երկու Թուրք Զինուորներ Սպաննուած Են Եւ Երկու Ուրիշներ Վիրաւորուած

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկու թուրք զինուորներ սպաննուած են եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած, երբ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իրենց զինուորական մեքենան յարձակումի ենթարկուած է` աւելցնելով. «Յարձակումէն ետք, շրջանին մէջ ահաբեկիչներուն դիրքերը ճշդուեցան եւ անմիջապէս ազդու կերպով ռմբակոծուեցան»: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտնեց, որ երկու թուրք զինուորներ սպաննուած եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած են Սուրիոյ մէջ «Եփրատի վահան» շրջանին մէջ զինուորական...

Լաւրով Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները Պաշտպանելու Համար «Ձայն Բարձրացնելու»

Լաւրով Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները Պաշտպանելու Համար «Ձայն Բարձրացնելու»

Միջազգային ընտանիքը պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկէ Միջին Արեւելքի մէջ եւ Ափրիկէի հիւսիսը քրիստոնեաներու հետապնդումները կանխարգիլելու համար, անհրաժեշտ է նաեւ միջազգային մակարդակով «ձայն բարձրացնելու»` յօգուտ այս խնդիրի լուծման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռուսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը...

Page 332 of 883 1 … 331 332 333 … 883

Արխիւներ