Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Անընդունելի Կը Նկատէ Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Ուժի Կիրարկումը

July 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՊԿ-ի կայքին վրայ զետեղուած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերող յայտարարութիւնը:

«27-էն 28 յուլիս 2021 լուսցող գիշերը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած են զինուորական բախումներ, որոնց պատճառով հայկական զինեալ ուժերու երեք զինուոր զոհուած է, չորսը` վիրաւորուած: Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում:

«Լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ շրջանին մէջ լարուածութեան հետագայ աճի վտանգը, որ կրնայ բացասաբար անդրադառնալ եռակողմ համաձայնագիրներու կատարման վրայ, որոնք ամրագրուած են Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ:

«Անընդունելի կը նկատենք ուժի կիրարկումը: Հակասութիւնները լուծելու համար պէտք է օգտագործել միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական գործելաոճեր:

«Կ՛ողջունեմ Ռուսիոյ ջանքերը` ուղղուած շրջանին մէջ կացութեան կայունացման», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Խաթիպզատէ Յայտարարած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Վերականգնման Աջակցելու Թեհրանի Պատրաստակամութեան Մասին

Յաջորդը

Խօսելով Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Լարուածութեան Մասին` «Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ Հաղորդակցութիւններու Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.