Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Ու Չինաստանը Մեր Մրցակիցներն Են, Սակայն Անոնց Հետ Գործակցելու Ոլորտներ Կան» Կ՛ըսէ Պայտըն

July 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է Մոսկուայի եւ Փեքինի հետ որոշ ոլորտներու մէջ գործակցի` հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք Միացեալ Նահանգներուն մրցակիցներ կը նկատուին:

Պայտըն Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան պաշտօնեաներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Աշխարհը մեծապէս կը փոխուի, եւ շատ կարեւոր է, որ մեր գործընկերներուն ու դաշնակիցներուն հետ աշխատինք մեր ճարտարագիտական գերակայութիւնը պահպանելու, ներածման շղթան ամրապնդելու եւ երաշխաւորելու, որ ճարտարագիտութիւններու մարզին մէջ կանոնները ժողովրդավարութեան աջակցող ըլլան եւ ոչ թէ բռնատիրութեան»:

«Նոյն ատեն պէտք է աշխատինք երկիրներու հետ, ինչպէս` Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ, որոնք մեզի մրցակիցներ կը նկատուին, եւ կրնան ապագային մահացու մրցակիցներ ըլլալ», աւելցուց ան:

Պայտըն Ուաշինկթընի, Մոսկուայի եւ Փեքինի հասարակաց շահ ներկայացնող հարցերէն նշեց կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը` նշելով, որ ատիկա «հասարակաց սպառնալիք մըն է, որ բոլոր երկիրներուն վրայ կ՛ազդէ» եւ «ռազմավարական հարց» կը ներկայացնէ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պայտընը նաեւ ըսած է. «(Չինաստանի նախագահ) Սի Ծինփինը շատ լուրջ տրամադրուած է Չինաստանը մինչեւ 2040-ականները աշխարհի մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող եւ զինուորապէս հզօրագոյն տէրութեան վերածելու հարցին մէջ»:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ան նշած է. «Փութինը մեծ խնդիր ունի, որովհետեւ ան կը ղեկավարէ տնտեսութիւն մը, որ միայն հիւլէական զէնք եւ քարիւղի հորեր ունի, ուրիշ ոչինչ: Փութինը գիտէ, որ տհաճ կացութեան մէջ կը գտնուի, եւ ատիկա, իմ կարծիքովս, զինք առաւել քան վտանգաւոր կը դարձնէ»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Պայտընի այս յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, սխալ է:

Նախորդը

Ազրպէյճան Կրկին Խախտած Է Պայմանաւորուածութիւնը. Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

Յաջորդը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.