Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` սահմանին վրայ կացութեան լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի երկայնքով բռնութեան վերջին մագլցումը: Մենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` կատարելու զինադադարի վերաբերեալ իրենց պարտաւորութիւնները` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելով կացութեան լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ:
«Սահմանին վրայ պահպանուող լարուածութիւնը կը փաստէ, որ միայն համապարփակ լուծումը, որ պիտի արտօնէ լուծել առանցքային խնդիրները, կրնայ կարգաւորել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները եւ շրջանի բնակիչներուն պիտի արտօնէ միասին խաղաղ ապրիլ», նշուած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Փրայս Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղած է կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ բանակցութիւններուն:
«Միացեալ Նահանգները Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` որքան կարելի է շուտ վերադառնալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ առարկայական բանակցութիւններուն` տագնապի երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:



