Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութիւնը Քննարկեց Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ

Յուլիս 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը խորհրդակցութեան ժամանակ քննարկած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Խորհրդակցութեան ընթացքին մասնակիցները քննարկած են Ռուսիոյ ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերող ընթացիկ հարցեր: Բացի ատկէ, արծարծուած են նաեւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցեր, ներառեալ ԱՖղանիստանի մէջ եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը», ըսած է Փեսքով:

Միւս կողմէ, «Թերթ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան եւ Արցախի հարցին նշած է. «Ռուսիան, որ սերտ կապեր ունի թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ եւ Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան, ուր կը գտնուի մեր խաղաղապահ զօրախումբը: Ռուսիան կը շարունակէ զգալի ներդրում ունենալ կայունութեան պահպանման եւ խաղաղ կեանքի հաստատման եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ոլորտներուն մէջ, ներառեալ պատերազմական գերիներու ու գաղթականներու վերադարձը եւ զոհերու մարմիններու փոխանակումը: Մենք կ՛աջակցինք Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան կառուցման, կը շարունակենք աշխատիլ շրջան ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան, ՄԱԿ-ի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մուտքը ապահովելու ուղղութեամբ»:

Զախարովա ընդգծած է, որ ի հարկէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութեամբ կ՛ընդունի սահմանի առանձին հատուածներու վրայ սրման կամ լարուածութեան որեւէ դրսեւորում, ինչ որ ծայրայեղօրէն բացասաբար կ՛անդրադառնայ շրջանային կացութեան վրայ, չի նպաստեր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան կառուցման, կը յանգեցնէ երկու երկիրներու բնակչութեան մօտ չարդարացուած կորուստներու:

Ան ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած հայ զինուորի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած սահմանային միջադէպերու պատճառով վիրաւորուածներուն:

«Մեր դիրքորոշումը շատ յայտնի է: Սահմանային միջադէպերու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով: Անհրաժեշտ է զերծ մնալ առճակատման հռետորաբանութենէն, ուժային գործելաոճերէն», ըսած է Զախարովա` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է համակարգային քրտնաջան աշխատանք, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխադարձօրէն ընդունելի փոխզիջումներ գտնել:

Ան նշած է, որ Մոսկուան թէ՛ Երեւանին, թէ՛ Պաքուին այս մօտեցումին կը պատրաստէ:

«Համոզուած ենք, որ կայուն լարուածութեան մեղմացումը կրնայ ապահովել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման անյապաղ մեկնարկը` ատոր յաջորդող սահմանագծումով: Պատրաստ ենք այդ ջանքերը ամրապնդելու մեր մօտ եղած քարտէսային տեղեկութիւններով: Ռուսական կողմը պատրաստած է շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կրնան երկխօսութիւնը կառուցողական հուն տեղափոխել: Ներկայիս այս նիւթով հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին պաշտպանութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ երեք երկիրներու սահմանապահ ծառայութիւններուն միջոցով», ըսած է Զախարովա:

Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի, Հայաստանի ղեկավարներու առանձին հանդիպումները Ռուսիոյ նախագահին հետ` Զախարովա ընդգծած է, որ շրջանային կացութեան խնդիրները եղած են բանակցութիւններու առանցքային նիւթ:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները, հակառակ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու դժուար եւ ընդգրկուն ըլլալուն, հաստատած են ամէնէն բարենպաստ լուծումները գտնելու իրենց վճռականութիւնը, արտայայտած են իրենց վճռականութիւնը հետեւողական եւ համապարփակ գործադրելու նախորդ տարուան 9 նոյմբերին կնքուած եւ արիւնահեղութիւնը դադրեցուցած, ինչպէս նաեւ ընթացիկ տարուան 11 յունուարին Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու եւ հաղորդակցութիւններու միջոցներու ապաշրջափակման հեռանկարը բացած համաձայնագիրները», ըսած է Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ուշադրութիւն դարձուցած է աշխատանքային եռակողմ խումբի գործունէութեան, որ կատարած է քննարկումներու քանի մը փուլ. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկային աշխատանքային խումբը պիտի կարենայ վերսկսիլ իր հանդիպումներուն: Ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ անցնիլ միացեալ ենթակառուցային նախագիծերու փուլային իրականացման, որոնք կը բխին թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի, ամբողջ Հարաւային Կովկասի շահերէն», ըսած է Զախարովա:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Կը Սպառնայ Հայաստանին. «Զանգեզուրի Միջանցքը Պէտք Է Բացուի» Կ՛ըսէ Շենթոփ

Յաջորդը

Տաւիտ Ալապա Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?