Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ աւարտած է 2 հայ գերիներու` Դաւիթ Դաւթեանի եւ Գէորգ Սուջեանի դէմ քրէական գործով դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ ազրպէյճանական կողմը զանոնք կը մեղադրէ «լրտեսութեան» համար:
Դատաւոր Ալի Մամետովի նախագահութեամբ կայացած դատավարութեան ընթացքին դատախազը մեղադրեալներէն իւրաքանչիւրին համար պահանջած էր 16 տարուան բանտարկութիւն:
Վճիռի ընթերցումէն ետք պարզ դարձած է, որ գերիները դատապարտուած են 15 տարուան բանտարկութեան: Պատիժի 5 տարին բանտին մէջ, իսկ մնացեալը` խիստ դրութեամբ ուղղիչ հիմնարկի մէջ:
Սուջեանն ու Դաւթեանը գերեվարուած են 11 նոյեմբերին` Շուշիէն ոչ հեռու:
 
			


