Լուքաշենքօ Պարգեւատրուած Է «Ազրպէյճանի Բարեկամ» Ոսկիէ Շքանշանով
Մինսքի մէջ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ պարգեւատրուած է «Ազրպէյճանի բարեկամ» ոսկիէ շքանշանով, որ հաստատուած է «Իմ Ազրպէյճան» միջազգային ամսագիրին կողմէ` ազրպէյճանցիներուն նկատմամբ եղբայրական եւ բարեկամական վերաբերմունքի, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ առանձնապէս մեծ ծառայութիւններու համար: «Հաքքին» կը նշէ, որ շքանշանը Լուքաշենքոյին շնորհած է ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը: Լուքաշենքօ շնորհակալութիւն յայտնած է` բարձր գնահատելով երկկողմանի յարաբերութիւններու...




















