Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Զեկուցողները Դատապարտած Են Ազրպէյճանի Սադրիչ Գործողութիւնները

Յուլիս 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտը, Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հարցով հիմնական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւը եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ազրպէյճանի հարցով հիմնական զեկուցող Զելիանա Զովքոն միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած մահացու բախումներուն վերաբերեալ` ցաւ յայտնելով ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սադրանքներու պատճառով զոհուած հայ զինուորներու մահուան կապակցութեամբ եւ դատապարտելով ազրպէյճանական կողմի բորբոքիչ եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնական կայքը:

«Մենք կը սգանք 28 յուլիսին Գեղարքունիքի մարզի սահմանին վրայ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու հետ բախումներու պատճառով զոհուած երեք հայ զինուորներու մահը, որ, ըստ հաղորդագրութիւններու, տեղի ունեցած է կանուխ առաւօտէն սկսած հայկական դիրքերու եւ որոշ հայկական գիւղերու վրայ կրակ բանալէ ետք, եւ մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անոնց ընտանիքներուն: Դժբախտաբար, ասիկա ընդամէնը մէկն է վերջին ամիսներուն միջադէպերու կամ սադրանքներու այն շարքէն` ներառեալ միջպետական սահմանին վրայ տեղի ունեցած բռնութիւնները, որոնք սկսան ազրպէյճանական զօրքերու` 12 մայիսին Հայաստանի տարածք ներխուժելէն ետք: Վերջին փոխադարձ հրաձգութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի սահմանին, ուր մէկ այլ հայ զինուոր սպաննուեցաւ, ոչ պակաս մտահոգիչ է: Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` խստօրէն հետեւելու զինադադարին եւ խուսափելու որեւէ սադրանքէ: Սահմանին վերաբերեալ որեւէ հաւանական տարակարծութիւն պէտք է լուծուի սահմանագծման եւ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններու եւ ոչ թէ ուժի կիրարկման ու միակողմանի գործողութիւններու միջոցով: Բոլոր զօրքերը պէտք է ետ քաշուին մինչեւ 12 մայիս գրաւուած դիրքերէն` զինադադարի մասին Եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն համապատասխան», նշած են Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները:

Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութիւնը շեշտած է, որ կացութեան կայունացման եւ լարուածութեան թուլացման համար ծայր աստիճան կարեւոր է, որ անմիջապէս դադրեցուի «բորբոքիչ հռետորաբանութիւնը»: Այս ծիրին մէջ Քալիւրանտը, Քովաչեւը եւ Զովքոն կը դատապարտեն Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն վերջին յայտարարութիւնները այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Զանգեզուրի» վերաբերեալ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները իբրեւ ազրպէյճանցիներու «նախնիներու հողեր» ներկայացնելը:

«Նման յայտարարութիւնները խիստ անպատասխանատու են եւ կրնան առաւել եւս խարխլել շրջանային անվտանգութիւնը: Մենք կը յիշեցնենք Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը աջակցելու վստահութիւն կառուցող քայլերուն եւ բոլոր խնդիրները բանակցութիւններու սեղանի շուրջ լուծելուն, ներառեալ տեւական տագնապի լուծման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը», նշուած է Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Յաջորդը

«Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Երկայնքին Կրկնուող Միջադէպերու Մասին Լուրերը Լուրջ Մտահոգութիւն Կը Յառաջացնեն» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

Նոյեմբեր 8, 2025
Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան  Համաձայնագիրներուն
Գլխաւոր լուրեր

Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ  Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են
Միջազգային

Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?