Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի Վաղը Կը Ստանձնէ Իրանի Նախագահի Պաշտօնը

August 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի գրասենեակի տեղեկատուական գրասենեակի կայքը կիրակի օր յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 3 օգոստոսին` յարգելով ճիշդ արարողակարգը, եւ ուղղակի պիտի սփռուի ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններէն, ինչպէս նաեւ Խամենէիի կայքէն:

Իրանի նոր արտաքին գործոց նախարար Ապտելռիտա Ռահմանի Ֆատլի բացատրութիւն պիտի ներկայացնէ  13-րդ նախագահական ընտրութեան մասին եւ պիտի կարդայ ժողովուրդի քուէարկութեան եւ Իպրահիմ Ռայիսիի` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին հաստատման բնագիրը:

Նորընտիր նախագահը այս առիթով խօսք մը պիտի արտասանէ, որմէ ետք Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէին եւս պիտի արտասանէ խօսք մը:

Ըստ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմանադրութեան 110-րդ յօդուածին, ժողովուրդին կողմէ ընտրուելէ ետք, հանրապետութեան նախագահի իր պաշտօնին հաստատման վճիռի ստորագրումը գերագոյն հոգեւոր պետին լիազօրութիւնն է: Նախագահի նստաշրջանը 4 տարի է եւ կը սկսի գերագոյն հոգեւոր պետին կողմէ անոր այդ պաշտօնին հաստատման վճիռի ստորագրման թուականէն:

Իրանեան խորհրդարանին առջեւ Ռայիսիի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 5 օգոստոսին, ներկայութեամբ աւելի քան 70 երկիրներէ պատուիրակութիւններու:

Կը նախատեսուի, որ նորընտիր նախագահը իր կառավարութեան կազմը խորհրդարանին ներկայացնէ շաբաթ, 7 օգոստոսին:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ գործող նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ իր կառավարութեան վերջին նիստի ընթացքին, որ պետական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած էր, իր պաշտօնավարման տարիներուն կառավարութեան գործած սխալներուն համար ներում հայցած է:

«Մենք փորձած ենք այնպէս ընել, որ մեր քաղաքականութիւնը պարունակէ աւելի քիչ սխալներ եւ թերութիւններ: Սակայն եթէ ատոնք եղած են, ապա ես կ՛ուզեմ անոր համար ներում հայցել ժողովուրդէն», ըսած է Ռուհանի:

Անոր համաձայն, «բնակչութիւնը դժգոհ է կենսամակարդակէն, եւ ատոր մէջ ճշմարտութիւն կայ: Սակայն մենք պէտք է հասկնանք, որ մենք կը գտնուէինք տնտեսական պատերազմի կացութեան մէջ, եւ այս տեսանկիւնէն դիտեցէք, թէ ի՛նչ կրնայինք ընել»:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Բանակը` Վերհամայնքային Եզակի Հաստատութիւնը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Մէջ Ուժի Մէջ Մտան «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Չպատուաստուած Անձերու Իրաւունքներու Զգալի Սահմանափակումները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.