Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Երդումը Կատարելէ Ետք. «Անիրաւուածին Կողքին Պիտի Ըլլանք, Ուր Որ Ալ Ըլլայ Ան` Սուրիոյ, Պաղեստինի, Ափրիկէի Կամ Եմէնի Մէջ» Յայտարարեց Ռայիսի

August 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Իրանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի նախագահական երդման արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին 115 օտար պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր շրջաններէ կրօնական, մշակութային եւ ընկերային անձնաւորութիւններ:

Ռայիսի իր սահմանադրական երդումէն ետք արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Շրջանային տագնապները պէտք է լուծել շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ իսկական երկխօսութեան ճամբով»` աւելցնելով. «Շրջանին համար խնդիրը օտար ներկայութիւնն է»:

«Բարեկամութեան ձեռք կ՛երկարենք շրջանի բոլոր երկիրներուն, մասնաւորաբար դրացի երկիրներուն», ըսաւ Ռայիսի` աւելցնելով. «դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթութիւն է»: «Իրան իր դրացիներուն յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում կը մաղթէ», ըսաւ ան:

Ան յայտնեց, որ իր երկրի հիւլէական ծրագիրը «բացառապէս խաղաղ» է` նշելով, որ ճնշումի եւ պոյքոթի քաղաքականութիւնը չկրցաւ արգելք հանդիսանալ, որ իրանցի ժողովուրդը իր օրինական իրաւունքները պահանջէ, ներառեալ ուսման իրաւունքը:

«Պէտք է վերցնել Իրանի դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցները», յայտարարեց Իրանի նախագահը:

Խօսելով իր երկրին արտաքին քաղաքականութեան մասին` Ռայիսի յայտնեց. «Արտաքին յաջող քաղաքականութիւնը արտաքին հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ: Դրացի երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պէտք է ամրապնդեն անոնց միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը»:

«Իրանի ունեցած ուժը շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան երաշխիքն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Աշխատանք պիտի տանինք զօրացնելու Իրանի ունեցած ուժին բոլոր կէտերը»:

Իրանի նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Անիրաւուածին կողքին պիտի ըլլանք, ուր որ ալ ըլլայ ան` Սուրիոյ, Պաղեստինի, Ափրիկէի կամ Եմէնի մէջ»:

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Ռուսիան Բարձր Կը Գնահատէ Թուրքիոյ` «Էս-400»-ին Վերաբերեալ Դիրքորոշումը»

Յաջորդը

Ռայիսի. «Արտասահմանէն Ոչ Ոք Կրնայ Եմէնի Ճակատագիրը Որոշել»

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.